Նախագահ Սարգսեան ընդունած է  Հայր Վահան Օհանեանը եւ Արա Քաթիպեանը։ Նախագահ Սարգսեան ընդունած է Հայր Վահան Օհանեանը եւ Արա Քաթիպեանը։ 

Նախագահ Սարգսեան ընդունած է Հայր Վահան Օհանեանը եւ Արա Քաթիպեանը։

Հայր Վահան Օհանեան եւ Արա Քաթիպեան հեղինակներ են «The Armenian Genocide: Prelude and Aftermath. As reported in the U.S. Press – The New York Times» երկհատոր գիրքին։

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հիւրընկալած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան միաբան, գերաշնորհ հայր Վահան ծայրագոյն վարդապետ Օհանեանը եւ աւստրալահայ գործիչ Արա Քաթիպեանը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութենէն, հիւրերը տեղեկացուցած են, որ միաբանութեան կողմէ ձեռնարկուած է Հայոց ցեղասպանութեան նախորդած եւ յաջորդած ժամանակաշրջաններուն ամերիկեան մամուլին մէջ տեղ գտած հրապարակումներուն առնչուող 10 հատորանոց անգլերէն մատենաշարի հրատարկութիւնը, որ պիտի ընդգրկէ վեց առաջատար ամերիկեան թերթերը` «The New York Times», «The Boston Daily Globe», «The Chicago Tribune», «The Christian Science Monitor», «The Los Angeles Times» եւ «The Washington Post»-ը:

Անոնք նախագահին նուիրած են մատենաշարի առաջին` «The Armenian Genocide: Prelude and Aftermath. As reported in the U.S. Press – The New York Times» երկհատոր գիրքը: Հատորներուն մէջ ներկայացուած 2666 յօդուածներուն անդրադարձ  կը կատարուի 1894-1896 թթ․ համիտեան կոտորածներուն, Ատանայի կոտորածին, 1915 թ․Հայոց ցեղասպանութեան եւ այդ կոտորածներու անմիջական հետեւանքներուն:

Հեղինակները նշած են, որ գիրքերը նախատեսուած են ոլորտի մասնագէտներու եւ հետազօտողներու համար, չեն վաճառուիր եւ պիտի յանձնուին գրադարաններուն ու համալսարաններուն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2019, 08:25