Քարիթաս» բարեսիրական միութեան» կազմակերպած եւ տարբեր համայնքներէ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ կայացած համագումար: Քարիթաս» բարեսիրական միութեան» կազմակերպած եւ տարբեր համայնքներէ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ կայացած համագումար: 

«Քարիթաս»-ի համագումարի մասնակիցներուն կոչը` հեռու մնալ ծայրայեղութիւններէ, համակեցութեամբ ընթանալ դէպի ապագայ:

Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Ճոզեֆ Սփիթերի արքեպիսկոպոս իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ «Քարիթաս»-ի գործունէութեան կարեւորութիւնը:

Չորեքշաբթի, 27 փետրուարին Պէյրութի մէջ կայացաւ «Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ «Քարիթաս» բարեսիրական միութեան» կազմակերպած եւ տարբեր համայնքներէ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ համագումարը:
Համագումարին ելոթ ունեցողներուն շարքին խօսք առաւ նաեւ Ռայի պատրիարքը: Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ այլազանութիւնը տիրական է, անիկա կը կազմէ այս երկրին էութիւնն ու խորքը: Արդարեւ, հոս կան բոլոր եկեղեցիները, 18 համայնքներ, իսկ Լիբանանի իւրայատկութիւնն է միասնականութիւն հաստատել` պահելով առանձնայատկութիւնները: Ըստ անոր, Լիբանանի այս յատկանիշը զայն կը տարբերէ միջինարեւելեան միւս երկիրներէն, ուր իսլամական կրօնին վերաբերող օրէնքներ կը կիրարկուին:

Իր խօսքին մէջ Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու պարագային` նշելով, որ անոնք պէտք է վերադառնան իրենց երկիրը, բացի եթէ անոնց ճակատագիրը եւս պիտի նմանի պաղեստինցիներուն, եւ այս բոլորը ըլլան Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն հաշուոյն:

«Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ «Քարիթաս» բարեսիրական միութեան» նախագահ Կապրիէլ Հաթթի յոյս յայտնեց, որ բոլորը համախմբող այս նախաձեռնութիւնը նոր առիթ կ՛ըլլայ մարդոց ու հաստատութիւններուն միջեւ կապեր ստեղծելու, որպէսզի անոնք միասնաբար գործեն բոլորին բարիքին, խաղաղութեան եւ մէկզմէկու ծառայութեան համար: Անոր համաձայն, բոլոր ժողովականներն ալ կու գան տագնապող շրջաններէ, ուր սպառնալիքները բազում են: Կապրիէլ Հաթթի նշեց, որ նման երկիրներու մէջ յատկապէս աղքատութիւնն ու թշուառութիւնը կ՛աւելնան, որովհետեւ պետական կառոյցները անհրաժեշտ կարելիութիւնը չեն ունենար եւ ուշադրութիւն չեն դարձներ տնտեսական-ընկերային հարցեր դիմագրաւող խաւին: Ասոր վրայ կու գայ աւելնալու ծայրայեղութիւնը, թշնամանքը, ապահովական անկայուն վիճակը, նաեւ` բնական աղէտները: Առ այդ, ան շատ կարեւոր նկատեց ըլլալ տոկուն, ինչպէս վարժ են այս երկիրներուն ժողովուրդները, կառչելու պապենական հողերուն, նոր արմատներ նետելու եւ աճելու, որպէսզի յառաջիկայ սերունդները թափառական չըլլան:

Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Ճոզեֆ Սփիթերի արքեպիսկոպոս իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ «Քարիթաս»-ի գործունէութեան կարեւորութիւնը` նման եռեւեփող շրջանի մէջ, ուր մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները բազում են, նաեւ մեծ են կարիքները: Ան նշեց, որ բարեսիրական այս միութիւնը կոչուած է ըլլալու սիրոյ արտայայտիչ, որ նաեւ եկեղեցւոյ հովանաւորութիւնը պէտք է փոխանցէ անոր զաւակներուն, «Քարիթաս»-ը նաեւ զգաստութեան հրաւիրող պէտք է ըլլայ, որպէսզի հասարակութիւնը տեսնէ շուրջը պատահածը եւ ճիշդ դիրքորոշում որդեգրէ: «Միտքով եւ սրտով աշխատողները պիտի կարենան օժանդակել իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն` առանց ակնկալութեան ու հաշիւներու», եզրափակեց պապական նուիրակը:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2019, 12:39