Ասսիզիի Սրբավայրը Ասսիզիի Սրբավայրը 

Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Խաղաղութեան լապտերը կը յանձնուի Յորդանանի Թագաւոր Ապտալլահ Բին ։

Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 29 Մարտ 2019-ին Ասսիզիի սրբավայրին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Նորին Վսեմութիւն  Յորդանանի Թագաւոր Ապտալլահ Բ ու անոր կողակիցը Յորդանանի Թագուհի Ռանիան, յառաջիկայ 29 մարտ 2019-ին պիտի այցելեն Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Ասսիզիի սրբավայրը Ասսիզացիի Սուրբին միաբանակից եղբայրներէն որպէս պարգեւ ընդունելու Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Խաղաղութեան լապտերը որպէս գնահատանք, ճանաչում ու երախտագիտութեան արտայայտութիւն Ապտալլահ Թագաւորին գործունէութեան ու յանձնառումին՝ Միջին Արեւելքի ու համայն աշխարհին մէջ խթանելու՝մարդկային իրաւունքը, կրօններու միջեւ ներդաշնակութիւնը, դաստիարակչական համակարգի բարելաւումը ու կրօնի ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ  գաղթականներու հիւրընկալութիւնը»։ Այս կը կարդանք 6 Մարտին հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մը մէջ ուր կը նշուի նաեւ որ յանձնման արարողութեան ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Իտալիոյ Վարչապետ Ճուզեփփէ Գոնդէ եւ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան վարչապետ Անկելա Մերքելը։

Վերոնշեալ ձեռնարկի  ներկայացման մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Իտալիոյ « Rai Ragazzi» պատանիներու հեռուստակայանի տնօրէն Լուքա Միլանօ յայտարարեց որ պատրաստութեան մէջ է փոքրերուն վերապահուած Ասսիզիի Սուրբին մասին մէկ շարժանկար մը որ ի լոյս պիտի ընծայուի 2019-ի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2019, 09:13