Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը 

Արդարներու նուիրուած Եւրոպական Օրը:

Օրը՝ որ առաջարկուած էր «Gariwo» ընկերակցութեան կողմէ Եւրոպական Խորհուրդին կողմէ որդեգրուեցաւ 2012 թուականին։

[ Audio Embed Ունկնդրէ լուրը]Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

 Այսօր՝ 6 Մարտ 2019-ին  կը յիշատակուի Արդարներու Եւրոպական Օրը նուիրուած բոլոր անոնց որոնք կեանքեր փրկեցին Ի եւ ԻԱ դարուն կատարուած ցեղասպանութիւններու, զանգուածային սպանութիւններու ու մարդկութեան դէմ ոճիրներու ընթացքին ու նաեւ անոնց որոնք հանդիսացան մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանները՝ համայնավարական եւ նացիական վարչակարգերու ընթացքին։

Օրը՝ որ առաջարկուած էր «Gariwo» ընկերակցութեան կողմէ  Եւրոպական Խորհուրդին կողմէ որդեգրուեցաւ 2012 թուականին։

 

Արդարներու Երանութիւնը - Սաղմոս 1 

՚Երանի անոր,որ անբարիշտ մարդոց խորհուրդին չի հետեւիր, մեղաւորներու ապրելակերպը չ՚ընդօրինակեր եւ զԱստուած ծաղրողներուն հետ ընկերութիւն չ՚ընէր. այլ՝ հաճոյք կ’առնէ ՏԻՐՈՋ Օրէնքէն,եւ անոր Օրէնքը կը սերտէ գիշեր ու ցերեկ։
Անիկա կը նմանի հոսող ջուրերու կողքին տնկուած ծառին, որ ճիշդ ժամանակին իր պտուղը կուտայ, եւ որուն տերեւները չեն չորնար բնաւ. անոր բոլոր գործերը յաջողութեամբ կը պսակուին։
Բնաւ այսպէս չե՛ն ամբարիշտները. այլ՝ կը նմանին յարդին որ հովը կը տարտղնէ։ 
Ատոր համար ալ ամբարիշտները Աստուծոյ դատաստանէն պիտի չազատին. մեղաւորները արդարներու կարգին պիտի չդասուին. որովհետեւ ՏԷՐԸ կը ճանչնայ արդարներու ճամբան, մինչ ամբարիշտներու ճամբան զիրենք կորուստի պիտի տանի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2019, 08:00