Բուն բարեկենդանի նշում Բուն բարեկենդանի նշում 

Մխիթարեան վարժարանի մէջ նշուեցաւ Բուն Բարեկենդանի տօնը:

7-8-րդ կարգի աշակերտները ներկայացուցին Բարեկենդանի տօնին պատմականը, որ սկիզբ կու տայ Քառասնորդաց պահեցողութեան շրջանին եւ կը հասնի մինչեւ Ս. Յարութեան տօն:

Ուրբաթ, 1 Մարտ 2019-ին, Մխիթարեան վարժարանի մէջ նշուեցաւ Բուն Բարեկենդանի տօնը: Այդ օր աշակերտները դպրոց եկան ծպտուած իրենց նախասիրած ասպարէզներու տարազով: Տեղի ունեցաւ կոկիկ տօնակատարութիւն, որուն Երեւանէն ուղիղ եթերով միացան ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի (Armenian Virtual College) Հայաստանի գրասենեակի հիպրիտ ծրագիրներու պատասխանատու Արփինէ Թաւագալեան եւ ուսուցչուհի Զեփիւռ Խպլիկեան: Անոնք նախ մեր աշակերտներուն տեսերիզով ցուցադրեցին ու պատմեցին Հայաստանի մէջ Բարեկենդանի աւանդական տօնակատարութեան մասին, այնուհետեւ հետեւեցան մեր մանկապարտէզի աշակերտներու ելոյթին եւ ապա՝ տարազներու ցուցադրութեան: 7-8-րդ կարգի աշակերտները ներկայացուցին Բարեկենդանի տօնին պատմականը, որ սկիզբ կու տայ Քառասնորդաց պահեցողութեան շրջանին եւ կը հասնի մինչեւ Ս. Յարութեան տօն: Օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ խորհրդանշական հիւրասիրութիւն:
Նշենք նաեւ, որ նոյն օր առաւօտեան, Հայկական Համացանցային Համալսարանի Հայաստանի գրասենեակին միջոցով վարժարանիս 5-8-րդ կարգի աշակերտները հաճելի եւ օգտաշատ հնարաւորութիւնը ունեցան մուտք գործելու Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս վարդապետի աշխարհէն ներս, առցանց շրջապտոյտ կատարելով անոնց թանգարաններուն մէջ, ծանօթանալով անոնց կեանքին ու գործունէութեան, եւ այս մէկը առ ի գործադրութիւն Թումանեանի եւ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակներուն առիթով վերոնշեալ գրասենեակի նախաձեռնած ծրագրին:

ԼՐԱՏՈՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2019, 09:43