Միջկրօնական երկխօսութիւն Միջկրօնական երկխօսութիւն 

Միջկրօնական ներդաշնակութեան համաշխարհային շաբաթ:

Միջկրօնական ներդաշնակութեան համաշխարհային շաբաթը հռչակուած է ՄԱԿ-ի կողմէ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

1-էն- 7 փետրուար 2019-ին, կը նշուի միջկրօնական ներդաշնակութեան համաշխարհային շաբաթը՝ հռչակուած ՄԱԿ-ի կողմէ:

Յիշեալ միջկրօնական ներդաշնակութեան նուիրուած շաբաթը, ամէն տարի կը նշուի , Փետրուար ամսոյն առաջին շաբաթը եւ ունի որպէս նպատակ աշխարհի բոլոր եկեղեցիներու, մզկիթներու, տաճարներուն ինչպէս նաեւ պաշտամունքի վայրերու մէջ տարածել միջկրօնական ներդաշնակութեան ու բարի կամքի պատգամը:

Պատգամ մը հիմնուած սիրոյ վրայ՝ Աստուծոյ եւ մերձաւորին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ սէր բարիին, իւրաքանիւր կրօն իրեն իւրայատուկ կրօնական համոզումներուն եւ աւանդութիւններուն հիման վրայ :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2019, 14:15