Մարդկային համերաշխութեան միջազգային օր Մարդկային համերաշխութեան միջազգային օր  

Մարդկային համերաշխութեան միջազգային օր

ՄԱԿ-ի սոյն հռչակագիրը հիմնուած է՝ «Հազարամեակ»ի յայտարարութեան հիման վրայ, որպէս աղքատութեան դէմ պայքարին ուղղուած նախաձեռնութիւն:

Դեկտեմբեր 20-ին «Համերաշխութեան միջազգային օր»ն է հաստատուած ՄԱԿ-ի կողմէ 22 դեկտեմբեր 2005-ին։

2005-ին որդեգրուած  ՄԱԿ-ի սոյն հռչակագիրը հիմնուած է՝ 2000 թուականին վաւերացուած, «Հազարամեակ»ի յայտարարութեան հիման վրայ, որպէս աղքատութեան դէմ պայքարին ուղղուած նախաձեռնութիւն:

Մարդկային համերաշխութեան միջազգային օրը՝ բազմազանութեամբ հանդերձ միասնականութեան նշման օր է, միջազգային համաձայնագիրներու հանդէպ յարգանքի յիշատակման օր է, միասնականութեան նշանակութեան կապակցութեամբ հանրային իրազեկութեան մակարդակի բարձրացման օր է, Հազարամեակի զարգացման նպատակներու օր է, չքաւորութեան վերացման իրագործման համար միասնականութեան ընդլայնման ուղիներու եւ այդ ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններու խրախուսման օր է։

Այս օրուան ընթացքին կ՛ընդգծուի համաշխարհային մարտահրաւէրներու եւ համաշխարհային զարգացման նպատակներու ուղղութեամբ հաւաքական քայլի նշանակութիւն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2018, 08:39