Նախագահ Արմէն Սարգսեան Նախագահ Արմէն Սարգսեան 

Ցեղասպանութենէն 103 տարի անց Հայերը ապացուցած են, որ լոյսը եւ բարին կը յաղթեն. Արմէն Սարգսեան

Աշխարհի ամենածանր ու չար յանցագործութիւնը ապրող երկիրը՝ Հայաստանը, պատրաստ է իր ջանքերը ներդնելու՝ յանուն լոյսի եւ ընդդէմ չարի:

Հայոց Ցեղասպանութենէն 103 տարի անց՝ հայերը ապացուցած են ամբողջ աշխարհին, որ լոյսը եւ բարին կը յաղթեն: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» համաշխարհային համաժողովին ժամանակ ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան:

«Մարդկութեան հազարաւոր տարիներու ընթացքին ունեցած ենք ինչպէս լոյսի յաղթանակ, այնպէս ալ չարութեան ապացոյցներ: Պայքարը սեւի ու սպիտակի, լոյսի ու խաւարի միջեւ մինչ օրս աշխոյժ է: Համաժողովը, որ կ՝իրականացուի եւ կը կոչուի «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան», միտուած է պայքարելու նոյնինքն այն չար կողմին դէմ, որ կայ մարդկութեան մէջ»,- նշած է նախագահը:

Ան ընդգծած է, որ 21-րդ դարուն՝ չափազանց արագ զարգացող իրադարձութիւններու ոլորանին մէջ ամէն բան, ինչ որ տեղի կ՝ունենայ մոլորակի վրայ՝ չար կամ բարի, շատ արագ կը տարածուի, կը ձեւաւորէ արմատներ, կ՝ունենայ հետեւորդներ: «Ամենամեծ չարութիւնը՝ ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը, ցաւօք, նոյնպէս կը գտնէ սնուցման աղբիւրներ: Ակնյայտ է, որ ատիկա չի դադրիր գոյատեւելէ, եթէ չպայքարինք անոր դէմ»,- ընդգծած է Արմէն Սարգսեան:

Ան ըսած է, որ աշխարհի վրայ շատ քիչ վայրեր կան, ուր կարելի է իրականացնել նման համաժողով, եւ, ցաւօք սրտի, անոնցմէ մէկը Հայաստանն է, քանի որ հայերը 20-րդ դարասկիզբին ապրած են ցեղասպանութեան ցաւը:

«Երբ կը մտածէի, թէ Հայաստանի մէջ ինչը կը խորհրդանշէ կատարուածը, ատիկա նախ եւ առաջ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանն էր, նաեւ յուշարձանը, իսկ երկրորդը՝ ա՛յս վայրն է՝ Մատենադարանը: Ասոնք երկու տաճարներ են՝ մէկը ի յիշողութիւն անոնց, որոնք  կորսուեցան, վախճանեցան ամենաչար վարքագիծի Օսմանեան կայսրութեան գործողութիւններուն հետեւանքով, եւ միւս կողմը Մատենադարանն է՝ լոյսի տաճարն է՝ վայր, ուր մենք կ՝ըսենք՝ այլեւս երբեք: Մատենադարանը կ՝ըսէ, որ լոյսը ի վերջոյ միշտ կը յաղթէ տառապանքին, կեանքի կորուստին, միլիոնաւոր մարդոց մահուան: Ես հաւատացած եմ, որ լոյսն ու բարին կը յաղթեն: Ասիկա այն վայրն է, որ կ՝ընդգրկէ ցեղասպանութեան շատ մեծ յիշողութիւն»,- ըսած է ՀՀ նախագահը:

Սարգստեան նշած է, որ ցեղասպանութիւնը միայն մարդ սպաննելը չէ, ատիկա կազմակերպուած յանցագործութիւն չէ, որ միտուած է միայն ազգի, ցեղախումբի, յատուկ տարբերութիւններ ունեցող մարդոց ոչնչացման: «Ատիկա հակահանդուրժողական գործողութիւն է՝ միտուած վերացնելու պատմութիւն, մշակոյթ, արուեստ, գիտելիք: Այսինքն, անիկա շատ աւելի լայն արհաւիրք է, աւելի մեծ ու ծանր յանցագործութիւն, քան պարզապէս մարդոց կորուստ»,- ընդգծած է նախագահը:

Արմէն Սարգսեան իր ընտանիքին օրինակով պատմած է, թէ ինչպէս հայերը ցեղասպանութեան արհաւիրքին ժամանակ փրկած են ամենաթանկը՝ գիրն ու գրականութիւնը: «Իմ մեծ մայրս, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հարուստ ընտանիքէ էր, ցեղասպանութիւնը սկսելուն պէս ամէն ինչ ձգեց եւ հեռացաւ: Երբ ես երիտասարդ էի, ան ինծի կը պատմէր, որ ամէն բան ձգեցին, որեւէ բան, անգամ հագուստ կամ ոսկի չեն վերցուցած, բայց վերցուցած էր ամենաարժէքաւոր բանը՝ տղան եւ Աստուածաշունչը: Անոնք էին այն երկու արժէքաւորը, որոնց համար կեանքը կու տար: Դժբախտաբար, որդին կորսնցուց Էջմիածինի ճանապարհին, բայց այդ լուսաւոր Աստուածաշունչը բերաւ: Անիկա մինչ օրս կայ, կ՝ընդգրկէ ոչ միայն 450 տարուան պատմութիւն, այլեւ յիշողութիւնը կորսնցուցած երեխայի, երեխայի, որ երբեք չմեծցաւ, երբեք չափահաս չդարձաւ, իր նպաստը չբերակ արուեստին, մշակոյթին, գործարարութեան, քաղաքականութեան, երբեք երեխաներ կամ թոռներ չունեցաւ: Աստիկա ապրող յիշողութիւն է, լոյսի տաճար»,- ըսած է ան:

Նախագահը յայտարարած է, որ 103 տարի անց մենք ապացուցած ենք ամբողջ աշխարհին, որ լոյսը, բարին կը յաղթէ, ապացոյցը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, անոր ժողովուրդը: «Մենք փոքր պետութիւն ենք, բայց համաշխարհային ազգ: Ողջ աշխարհին հայերը յայտնի են իբրեւ աշխատասէր, ազնիւ, շատ հայրենասէր մարդիկ, որոնք կ՝ապրին տարբեր երկիրներու մէջ, այդ երկիրներու լաւ քաղաքացիներ են, կը նպաստեն այդ երկիրներու յաջողութեան: Անոնք իրենց հոգիի խորքը կը փայփայեն ցաւը, սակայն միեւնոյն ժամանակ արժանապատւութիւնն ու հպարտութիւնը, որ մենք կրնանք յաղթել չարին: Ատոր ապացոյցն է այս կառոյցը, որ կը պահպանէ կարեւոր արժէքներ, այնպիսի արժէքներ, որոնք պէտք է վերացուէին, որոնք թիրախի տակ էին, սակայն չոչնչացուեցան»,- նշած է նախագահը:

Ան համաժողովի մասնակիցներուն յայտարարած է, որ աշխարհի ամենածանր ու չար յանցագործութիւնը ապրող երկիրը՝ Հայաստանը, պատրաստ է իր ջանքերը ներդնելու՝ յանուն լոյսի եւ ընդդէմ չարի:

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2018, 08:43