Գաղթականներու լուսանկար Գաղթականներու լուսանկար 

Սուրիոյ մէջ աւելի քան 6 միլիոն փախստականներ կան. ՄԱԿ

Սուրիոյ սահմաններէն դուրս կը գտնուի 5,5 միլիոն մարդ:

Սուրիոյ մէջ տակաւին 6,2 միլիոն փախստականներ կան այն 5,5 միլիոն մարդոցմէ զատ, որոնք լքած են երկիրը բազմամեայ հակամարտութեան պատճառով: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմենփրես»-ը, ՌԻԱ Նովոսթիին յայտնած Է Ամին Աուատ` ՄԱԿ-ի փախստականներու գործերու գերագոյն կոմիսարի վարչութեան Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի գծով բիւրոյի տնօրէնը:
«ՄԱԿ-ի գնահատումներուն համաձայն` խօսքը 6,2 միլիոն փախստականներու մասին է: Սուրիոյ կառավարութիւնը այդ թիւը կը գնահատէ երեք միլիոն, պնդելով, որ անոնցմէ շատերը տուն վերադարձած են: Սուրիոյ սահմաններէն դուրս կը գտնուի 5,5 միլիոն մարդ»,- Նոյեմբեր 8-ին Ուաշինկթընի մէջ յայտարարած է Աուատ` ելոյթ ունենալով Մերձաւոր Արեւելքի խնդիրներուն նուիրուած խորհրդաժողովի ընթացքին:
Ան նշած է, որ Սուրիոյ մէջ փախստականները «կը տառապին նոյնքան, որքան անոնք, որոնք կը գտնուին անոր սահմաններէն դուրս»:
Աուատի խօսքով` փախստականներուն մէջ իրականացուած հարցախոյզները ցոյց տուած են, որ անոնց 82 տոկոսը պատրաստ է տուն վերադառնալու:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2018, 08:00