Ինտոնեզիոյ մէջ երկրաշարժ Ինտոնեզիոյ մէջ երկրաշարժ 

Ինտոնեզիոյ երկրաշարժի եւ ծովաշարժի զոհերուն թիւը բարձրացած է 1234-ի

Ինտոնեզիացի փրկարարները եկեղեցիներէն մէկուն մէջ յայտնաբերած են դիակները 34 ուսանողներու, որոնք մահացած են ծովաշարժին պատճառով:

Ինտոնեզիոյ մէջ երկրաշարժներու եւ անոնց յաջորդած ծովաշարժի զոհերուն թիւը հասած է 1234-ի: Այդ մասին յայտարարած է երկրի Բնական աղէտներու հետեւանքներու վերացման հարցերով ազգային վարչութեան ներկայացուցիչը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` աւելցնելով, որ հարիւրաւոր մարդիկ տակաւին կը մնան փլատակներու տակ:

Անօդաչու թռչող սարքով կատարուած լուսանկարները ցոյց կու տան աւերին տարողութիւնը, մասնաւորաբար ծովաշարժին պատճառով ափ նետուած նաւը, ամբողջովին աւերուած մզկիթը եւ շէնքերու մէջ յայտնուած ինքնաշարժները:

Միւս կողմէ, ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ինտոնեզիացի փրկարարները եկեղեցիներէն մէկուն մէջ յայտնաբերած են դիակները 34 ուսանողներու, որոնք մահացած են ծովաշարժին պատճառով:

«34 ուսանողներու մարմիններ յայտնաբերուած են փրկարարներու խումբի մը կողմէ», գործակալութեան յայտնած է Կարմիր խաչի ներկայացուցիչը: Ան աւելցուցած է, որ 86 ուսանողներ անյայտ կորսուած էին Կեդրոնական Սուլաւեսի նահանգի եկեղեցիներէն մէկուն կողքին գործող ճամբարէն:

Յիշեցնենք, որ 28 սեպտեմբերին Իտնոնեզիոյ Սուլաւեսի կղզիին վրայ կրկնակի երկրաշարժ տեղի ունեցած էր 6,1, ապա 7,4 աստիճան ուժգնութեամբ: Անոնց յաջորդած էր հզօր ծովաշարժ մը: Յաջորդ օրերուն եւս բաւական հզօր յետցնցումներ արձանագրուած էին:

Ծովաշարժը աւերած է Փալու եւ Տոնկալա քաղաքները: Փալուի օդակայանին մէջ բազմաթիւ թռիչքներ ջնջուած են, որովհետեւ հարիւրաւոր մարդիկ փակած են էջուղին` խնդրելով զիրենք հեռացնել կղզիէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2018, 08:30