Մոսուլ քաղաքին խումբ մը հաւատացեալներու լուսանկար Մոսուլ քաղաքին խումբ մը հաւատացեալներու լուսանկար 

Մոսուլի մէջ նշուեցաւ ՄԱԿ-ի կողմէ հռչակուած երիտասարդներու միջազգային օրը:

Առաջին հանրային հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցած է Մոսուլ քաղաքին Իսլամական Պետութեան տիրապետութենէն ազատագրումէն ետք:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մոսուլ քաղաքի հանրային պարտէզներէն մէկուն մէջ, աւելի քան 500 երիտասարդներ նշած են երիտասարդաց միջազգային օրը՝ հռչակուած ՄԱԿ- կողմէ:
Յիշեալ ձեռնարկը կը նկատուի առաջին հանրային հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցած է Մոսուլ քաղաքին Իսլամական Պետութեան տիրապետութենէն ազատագրումէն ետք:
Զանազան ցեղային, կրօնական պատկանելիութիւն ունեցող աւելի քան 500 երիտասարդներու հաւաքին կարգախօսը եղած է«բազմազանութիւնը կ՝ամրապնդէ մեր գույութենականութիւնը», որ կը համընկնի ՄԱԿ-ի, տարւոյս երիտասարդաց միջազգային օրուան «ապահով վայրեր» բնաբանին, որուն շրջագիծէն ներս, ՄԱԿ-ի կարեւորագոյն հեռանկարներէն մին կը համարուի՝ աշխարհի չորս ծագերուն երիտասարդներու համար խթանել ապահով վայրերու ստեղծումը:
«Մոսուլէն բացագանչուած երիտասարդներու յստակ պատգամը կը նկատուի ընկերային յարակցութեան մղիչ ուժը» յայտնած է Մոսուլի մէջ երիտասարդներու միջազգային հաւաքի կազմակերպիչներէն մին, աւելցնելով որ «Մոսուլի մէջ երիտասարդ ըլլալը դժուարին իրողութիւն կը նկատուի՝ դպրոցներու, աշխատանքի չգոյութեան պատճառաւ»:
Մոսուլի մէջ ամէն ինչ քանդուած է հակամարտութիւններուն պատճառաւ, սակայն երիտասարդները իրենց կարողութեան համաձայն, ձեռնարկած են կարեւոր բան մը ստեղծել՝ իրենց քաղաքը վերականգնելու համար՝ առանց ակնկալելու որ պետութիւնը առաջին քայլը կատարէ:
«Մոսուլի երիտասարդները օժտուած են հզօր ուժականութեամբ եւ անոնք խստիւ կը մերժեն այլ տարիներ կորսնցնել իրենց կեանքէն» ըսած է Մոսուլի մէջ երիտասարդաց հաւաքի կազմակերպիչներէն մին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2018, 10:02