Գահիրէի մէջ ձերբակալուած են վեց մեղադրեալներ Գահիրէի մէջ ձերբակալուած են վեց մեղադրեալներ 

Գահիրէի մէջ ձերբակալուած են վեց մեղադրեալներ, ինքնասպանական ահաբեկչութեան մը ծրագրի յանցանքով:

Գահիրէի մէջ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին համար, կատարուած են ապահովութեան յաւելեալ կանխազգուշութիւններ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Գահիրէի մէջ ձերբակալուած են վեց մեղադրեալներ, որոնք մասնակցած էին ինքնասպանական ահաբեկչութեան մը ծրագրումին՝ Գահիրէէն հիւսիս գտնուող Քալիուպիայի ղպտիներու եկեղեցւոյ մը մէջ։ Արդէն պարզուած է 29ամեայ ահաբեկիչին ինքնութիւնը, որ մաս կը կազմէր ահաբեկչական բջիջի մը։ Ձերբակալուածներու շարքին են նաեւ երկու կիներ։

Ահաբեկիչը որ կը կրէր պայթուցիկներով զինուած գօտին, փորձած էր շաբաթ օր խառնուիլ եկեղեցի յաճախող հաւատացեալներու խումբին։ Ապահովութեան ոյժերը կրցած են խափանել անոր մուտքը եկեղեցիէն ներս։ Ապա ահաբեկիչը ինքնասպան եղած էր կատարած պայթումով։

Աստուածածնի Վերափոխման տօնին համար, զոր Ղպտի Եկեղեցին կը տօնէ 22 օգոստոսին, երկու շաբթուան պահքէ մը ետք, կատարուած են ապահովութեան յաւելեալ կանխազգուշութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/08/2018, 10:25