Աթէնքի մօտ հրդեհներ Աթէնքի մօտ հրդեհներ 

Գերապայծառ Պեզեզեան այցելեց Աթէնքի մօտ հրդեհներէն վնասուած վայրերը։

Այցելութեան նպատակն էր նախ մօտիկութիւն արտայայտել հրդեհէն տուժած քաղաքացիներուն

Աթէնքի շրջակայքը տարածուած ու մահ ու սարսափ սփռած հրդեհին պատճառած կացութեան ի տես Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Գերապայծառ Յովսէփ Թ. Ծ. Վ Պեզեզեան առաջնորդարանի խումբ մը հաւատացեալներու ու Իտալացի կամաւոր բարեկամներու ընկերակցութեամբ այցելած է աղէտէն վնասուած՝ Ռաֆինա և Մաթի գիւղերը։
Այցելութեան նպատակն էր նախ մօտիկութիւն արտայայտել հրդեհէն տուժած քաղաքացիներուն որոնց շարքին կար նաեւ մէկ հայ կաթողիկէ ընտանիք մը, ապա մօտէն քննարկել օգնութիւն մատուցելու կարելիութիւնները։
Առաջնորդ Հայրը պատկան իշխանութիւններուն ու պատասխանատուներուն իմացուց թէ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, ի հարկին, պատրաստ է իր Աթէնքի շէնքին մէջ ընդունելու ու ապաստան տալու՝ 10 տնազուրկ անձերու։ Գերապայծառ Պեզեզեան այս առթիւ հրաւէր ուղղեց նաեւ՝ բոլոր անոնց որոնք կ՛ուզեն տառապողներուն օգնութեան ձեռք երկարել, կապ պահելու առաջնորդարանի քարտուղարութեան հետ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2018, 08:58