Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան  հիմնադրութեան 100ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հիմնադրութեան 100ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ 

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հիմնադրութեան 100ամեակը

«երբ կը տօնենք 100ամեակը ընկերակցութեան, կը տօնենք նաեւ վերածնունդը հայ հասարակութեան:»

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հինգշաբթի, 31 Մայիսի, «Ֆենիսիա» հիւրանոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) հիմնադրութեան 100ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթը՝ կազմակերպութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ): Ճաշկերոյթը առիթ մը եղաւ, որ աւելի քան 220 անհատներ Լիբանանէն, Ամերիկայէն, Աւստրալիայէն, Իրաքէն, Սուրիայէն եւ Եգիպտոսէն ժամանած հայ աւետարանական գործիչներ, Հայկազեան համալսարանի խնամակալութեան անդամներ, Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան վարչականներ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ, Լիբանանի մօտ Հայաստանի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ, Լիբանանի հայկական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր, միասնաբար գնահատեն Աւետարանչականի մատուցած անսակարկ ծառայութիւնները:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայկազեան Համալսարանի խնամակալութեան փոխատենապետ Ճան Սաղըրեան, ապա վեր. Նշան Պագալեան աղօթքի հրաւիրեց բոլոր ներկաները:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան: Ան յիշելէ ետք Աւետարանչականի հիմնադրութեան հակիրճ պատմութիւնը՝ ըսաւ. «Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութինը ծառայեց Սփիւռքի հայ հասարակութեան եւ 1988ին իր ներկայութիւնը հաստատեց նաեւ հայրենիքի՝ Հայաստանի մէջ: Ան աւելցուց թէ, այսօր «երբ կը տօնենք 100ամեակը ընկերակցութեան, կը տօնենք նաեւ վերածնունդը հայ հասարակութեան: Վերածնունդը հայութեան յոյսին եւ հաւատքին: Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործունէութիւններու առանցքը կազմած են ու կը կազմեն մանուկները, որոնց համար առօրեայ դպրոցներ, ճամբարներ, ընկերային կեդրոններ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներ կը գործեն Ամերիկայի, Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի մէջ: Մեր բոլոր ճիգերը եւ աշխատանքը անոնց օգնութեան, կրթութեան, հանգստութեան եւ հոգեւոր լուսաւորութեան վրայ կը կեդրոնանան: Շատ աւելի կարեւորը այն է, թէ մեր գործերով եւ օրինակով մանուկները պիտի ճանչնան Աստուծոյ անսահման սէրը: Մանուկներով, երիտասարդներով, Հայկազեանի եւ այլ համալսարաններու ուսանողներով, որոնք կրթաթոշակ կը ստանան ընկերակցութենէն, պիտի զօրանայ մեր եկեղեցիներուն հոգեւոր կեանքը»:
Ելոյթ ունեցաւ Ալիս Իփրաճեան, որ իր շնորհալի ձայնով մեկնաբանեց «Յիսուս, քու կեանքդ անգին» եւ «Տուն իմ հայրենի» երգերը:
Խօսք առաւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան, որ ըսաւ. «Տարիներ առաջ՝ 1991ին, անսալով ցեղի ձայնին եւ հայրենի հողի կանչին՝ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը հաստատեց իր ներկայութիւնը ինքնավար եւ ինքնիշխան Հայաստանի եւ Արցախի բազմահազարամեայ հողին վրայ: Մնացեալը պատմութեան կը վերաբերի։ Յետ-Եղեռնեան Միջին Արեւելքի անապատներուն մէջ գաղթականական հոսանքներու բերումով աշխարհասփիւռ հայութեան եւ հայրենիքին խարսխեալ հզօրութիւնը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի հոգեւոր, իմացական եւ ֆիզիքական բարօրութիւնը, նկատի ունենալով՝ Աւետարանչականը լուռ եւ անտրտունջ ծառայեց հայ ժողովուրդին: Զանոնք գրկաբաց ընդունող, հայրենիքի մերձակայ Արաբական ասպնջական երկիրներէն մինչեւ Եւրոպա եւ Ամերիկաները կայք հաստատող եւ վերջապէս Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններէն ներս ապրող հայ ժողովուրդին՝ Աւետարանչականը մատուցեց իր բազմաշերտ ծառայութիւնները»:
Ելոյթ ունեցաւ Րաֆֆի Մանտալեանի գործիքային խումբը, որ գեղեցկօրէն մեկնաբանեց փունջ մը հայկական ժողովրդային երգեր եւ ճազ եղանակներ ճաշի ընթացքին:
Տեղի ունեցաւ «Ժառանգութիւն Հաւատքի, Սիրոյ եւ Ծառայութեան» խորագիրը կրող տեսերիզի ցուցադրութիւնը, որ վկայութիւններով կը խօսէր Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործունէութեան մասին:
Այնուհետեւ Հայկազեան համալսարանի խնամակալութեան ա-տենապետ դոկտ. Յասմիկ Պարանի ձեռամբ եւ յանուն Աւետարանչականին՝ պարգեւատրուեցաւ նախկին ատենապետ տոքթ. Անի Տարագճեան՝ ութամեայ անձնուէր ծառայութեան համար:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՄԱՀԱԵՄի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի շնորհակալական խօսքով, Աւետարանչականի պարգեւատրումով եւ օրհնութեան աղօթքով, ապա տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան 100ամեակի կարկանդակի հատումը:
Նշենք, թէ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հարիւրամեակի գործունէութիւններուն ընթացքին հաւաքուած նուէրները պիտի յատկացուին Լիբանանի մէջ գործող Հայ աւետարանական դպրոցներուն՝ իրենց կրթական առաքելութիւնը ամրապնդելու համար: Վերջապէս, Ճաշկերոյթի իւրաքանչիւր հիւր ստացաւ 112 էջերէ բաղկացած գունաւոր գրքոյկ մը, որ նուիրուած է ԱՀԱԸի հարիւրամեակին եւ անոր բեղուն պատմութեան:

Քաղուած Ասպարէզ-էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2018, 10:51