Կարմիր խաչի միջազգային օր

Երեքշաբթի, 8 մայիս 2018-ին, կը նշուի կարմիր խաչի կազմակերպութեան միջազգային օրը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

8 մայիս 2018-ին, կը նշուի կարմիր խաչի եւ կարմիր կիսալուսինի համաշխարհային օրը, որուն թուականը կը զուգադիպի կարմի խաչի, համաշխարհային մադրդասիրական կազմակերպութեան հիմնադիր Հենրի Տունանդ-ի ծննդեան օրուան :

Այսօր՝ աշխարհի մէջ բազմաթիւ ձեռնակներու իրականցումով, 17 միլիոն կամաւորներ կը նշեն այս օրը, որպէս նպատակ ունենալով նաեւ աշխարհին ծանօթացնել աշխարհի մէջ ամենամեծ մարդասիրական ընկերակցութեան կարմիր խաչի գործունէութիւնները:

Նշենք, թէ անցեալ 27 յունուար 2018-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց Կարմի խաչի կամաւորներուն, որուն ընթացքին ան հաստատեց թէ կամաւորական առաքելութիւնը կանչուած է ծնրադրելու կարիքաւորներուն առջեւ՝ անոնց մատուցանելով սիրալիր եւ անշախահախնդիր շտապ օգնութիւն, նման աւետարանի բարի Սամարացիին որ առանց կրօնային եւ բարոյական նախապաշարումներու ծունկի եկաւ հիւանդին դիմաց:
Քահանայապետը ապա անդրադառնալով կարմիր խաչի կազմակերպութեան ՝ մարդկութիւն, անաչառութիւն եւ չէզոքութիւն երեք սկզբունքներուն, հաստատեց որ Ան որ ուրիշին կը նայի բարեկամութեան ակնոցներով եւ ոչ թէ պայքարի կամ մրցակցութեան ակնոցներով, ան կը դառնայ աւելի մարդկային աշխարհի մը կերտիչը:

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2018, 14:02