2023.02.28 quaresima digiuno penintenziale

«Անապատի ընդմէջէն Աստուած մեզ կ՛առաջնորդէ ազատութեան». 2024ի քառասնորդացի պատգամը

Պատգամի ներկայացումը կը կատարուի յառաջիկայ հինգշաբթի մէկ Փետրուար 2024ի առաւօտեան ժամը 11.30 անց, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի Պիոս Ժ դահլիճին մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Յառաջիկայ հինգշաբթի մէկ Փետրուար 2024ի առաւօտեան ժամը 11.30 անց, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի Պիոս Ժ դահլիճին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացումը պիտի կատարուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2024ի քառասնորդացի պատգամին որուն բնաբանն է «Անապատի ընդմէջէն Աստուած մեզ կ՛առաջնորդէ ազատութեան»։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ՛ունենան Մարդկային համապարփակ զարգացումի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Միքայել Չեռնի, Հայր Անտրէ Քավալլինի, Հռոմի Թեմին քրիստոնէականի գրասենեակի յանձնակատար, Փրոֆ. Էմիլիա Փալլատինօ` Գրիգորեան Քահանայապետկան համալսարանի Հասարակական Գիտութիւններու Բաժանմունքի դասատու եւ արուեստագէտ Մաուրօ Փալլոթան։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2024, 13:27