«Սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ մը համար. Հաղորդութիւն, մասնակցութիւն եւ առաքելութիւն» «Սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ մը համար. Հաղորդութիւն, մասնակցութիւն եւ առաքելութիւն»   (Vatican Media)

Սիւնհոդոսը` ունկնդրելով հաւատացեալները. Սինոդի նախապատրաստական թղթածրարի ներկայացումը։

«Սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ մը համար. Հաղորդութիւն, մասնակցութիւն եւ առաքելութիւն» խորագիրով սիւնհոդոսին թղթածրարին եւ ուղեցոյցին ներկայացումը կատարուեցաւ երեքշաբթի 7 սեպտեմբերի առաւօտեան։ Սիւնհոդոսը պիտի կայանայ երեք մակարդակներու վրայ, տեղական, տարածաշրջանային եւ միջազգային։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութիւնը ի լոյս ընծայեց յառաջիկայ 9 եւ 10 հոկտեմբերին Հռոմի մէջ սկիզբ առնող եւ 17ին տեղական թեմերուն մէջ շարունակուող Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի նախապատրաստական թղթածրարը։

Ունկնդրել «առանց նախապաշարումներու». Խօսք առնել «քաջութեամբ եւ ճշմարտութիւնը ըսելու իրաւունք-պարտաւորութիւն անկեղծութեամբ»։ Երկխօսութիւն Եկեղեցւոյ հետ, ընկերութեան ու այլ քրիստոնեայ դաւանանքներուն հետ»։ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի Ընդհանուր Քարտուղարութիւնը հրապարակեց Սիւնհոդոսին նախապատրաստական թղթածրարն ու ուղեցոյցը, որով ցոյց կը տրուին ուղղութիւնները, որոնք առանցքը պիտի կազմեն Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսի ուղեւորութեան, որուն բացումը պիտի կատարուի յառաջիկայ 9 եւ 10 Հոկտեմբերին Հռոմէ մէջ ապա 17 հոկտեմբերին յատուկ եկեղեցիներուն մէջ, եւ որ պիտի եզրափակուի երկու տարուայ ուղեւորութեան աւարտին 2023 թուականին` Վատիկանի մէջ։

Տեղական եկեղեցիներու համար ուղեցոյց

Սիւնհոդոս` որուն բնաբանն է «Սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ մը համար. Հաղորդութիւն, մասնակցութիւն եւ առաքելութիւն», որ պիտի կայանայ երեք մակարդակներու վրայ, տեղական, տարածաշրջանային եւ միջազգային։

Թղթածրարին եւ ուղեցոյցին ներկայացումը կատարուեցաւ երեքշաբթի 7 սեպտեմբերի առաւօտեան։

Թղթածրարը կ՛ուզէ նախ եւ առաջ ըլլալ գործիք` յատուկ եկեղեցիներուն մէջ խթանելու համար Աստուծոյ ժողովուրդին ունկնդրութեան առաջին փուլը, որ պիտի տեւէ 2021ի Հոկտեմբերէն մինչեւ հոկտեմբեր 2022։ Իսկ ուղեցոյցը մտածուած է որպէս «գործնական աջակցութեան» միջոց, Թեմերու ներկայացուցիչներուն համար, նախապատրաստելու համար Աստուծոյ Ժողովուրդը։ Անոր մէջ պարունակուած են աղօթքներ, Սիւնհոդոս գումարելու օրինակներ, սիւնհոդոսական գործընթացքին հայող բառամթերք։ Ոչ թէ կանոններուն գիրք մը, այլ «ուղեցոյց` թիկունք կանգնելու համար տեղական եկեղեցիներու ջանքերուն»։

Միասին քալել որպէս սիւնհոդոսական Եկեղեցի

Երկու վերոնշեալ փաստաթուղթերու հրապարակումին խորքային հարցումն է. «Ի՞նչպէս կարելի է այսօր իրագործել, տարբեր մակարդակներու վրայ սիւնհոդոսը, այդ «միասին քալելը» որ Եկեղեցւոյ թոյլ կու տայ հռչակել Աւետարանը, համապատասխանելով իրեն յանձնուած առաքելութեան։ Ապա որո՞նք են քայլերը զոր Սուրբ Հոգին կը հրաւիրէ որ առնենք, որպէսզի որպէս Եկեղեցի աճինք սիւնհոդոսականութեան մէջ»

Այս հարցումներուն պատասխանելու համար Սիւնհոդոսի Քարտուղարութիւնը կ՛ընդգծէ անհրաժեշտութիւնը «ապրելու եկեղեցական գործընթացք մը` որ ըլլայ «մասնակցային եւ ներառական», որ իւրաքանչիւրին ու մասնաւորապէս լուսանցքային պայմաններու մէջ ապրողներուն, նուիրէ հնարաւորութիւնը արտայայտուելու եւ լսելի դառնալու, ապա ճանչնալ ու գնահատել խարիզմներու զանազանութիւնը եւ քննարկել թէ ի՞նչպէս Եկեղեցւոյ մէջ կ՛ապրուին պատասխանատուութիւնն ու իշխանութիւնը»։

Կը պահանջուի ապա վերահրահրել փոխյարաբերութիւնները միւս դաւանքներու պատասխանատուներուն հետ, քաղաքացիական ընկերութեան ու կազմակերպութիւններուն ինչպէս նաեւ ժողովրդական շարժումներուն հետ։

Տագնապ, համաճարակ, ոտնձգութիւններ

Շօշափելի քայլեր` որոնք կը կատարուին պատմական մէկ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, որ յատկանշուած է Քովիտի աղէտով եւ Եկեղեցւոյ ապրած հաւատքի պակասով, կաշառակերութեան ու ոտնձգութիւններու իրականութիւններով։

Բայց ճիշդ այս «տառապանքներով փորուած ակօսներուն» մէջ է որ, հակառակ ամէն ինչի, կը ծաղկին «նոր ուղիներ», «քրիստոնէական և եկեղեցական կեանքի ճանապարհը վերականգնելու համար»:

Աշխարհականները դրական դերակատար Աւետարանութմի

Փաստաթուղթին մէջ լայն տեղ կը յատկացուի աշխարհականներուն։ Կը վերահաստատուի թէ բոլոր մկրտուածները «աւետարանումի գործունեայ ենթականեր են» ու թէ հիմնական է` որ հովիւները «վախ չունենան իրենք զիրենք դնելու հօտին աունկնդրութեան տակ»։ Սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ մը մէջ արդարեւ ամէն մէկը բան մը ունի սորվելիք միւսէն։

Թղթածրարին մէջ կան ապա հարցականներ որոնց համար յորդոր ուղղուած է վերատեսել թեմական ապրուած փորձառութիւնները, նկատի առնելով փոխյարաբերութիւնները թեմին հաւատացեալներուն միջեւ, ու նաեւ եկեղեցական, կրթական, առողջապահական կառոյցներուն հետ։ Ասոնց շարքին նաեւ նկատի առնել այլ կրօններու հետ միասին իրագործուած ծրագիրներ եւ փոխյարաբերութիւնը նաեւ քաղաքական, մշակութային, ֆինանսական, աշխատանքի, փոքրամասնութիւններու ու սէնտաքաներու աշխարհին հետ։

Ապրուած սիւնհոդոսականութիւն

Թղթածրարին մէջ կը ներկայացուին «ապրուած սիւնհոդոսականութեան» հայող տասը կեդրոնական նիւթեր, որոնց շարին «խորհիլ այն անձին մասին որ մաս կը կազմէ «մեր եկեղեցիին». Անսալ երիտասարդներուն, կիներուն, նուիրեալ անձանց խոցելիներուն ու անտեսուածներուն. Մտածել եթէ հասարակութեան մէջ խթանուած է իսկական հաղորդակցութեան ոճ մը, առանց երկուութեան. Գնահատել թէ ինչպէս աղօթքը եւ ծիսակատարութիւնը կը կողմնորոշեն «միասին քալելը». Խորհիլ թէ ինչպէս հասարակութիւնը թիկունք կը կանգնի այն անձերուն, որոնք յանձնառու են ծառայական գործի մը մէջ. Վերամտածել Թեմերու մէջ վայրերը եւ երկխօսութեան ձեւերը, միւս թեմերուն, կրօնական հասարակութիւններուն ու շարժումներուն, իշխանութիւններուն ու նաեւ անոնց հետ որոնք չեն հաւատար։ Հուսկ հարց տալ թէ ի՞նչպէս կը կիրառուի յատուկ եկեղեցւոյ իշխանութիւնը, ի՞նչպէս կ՛առնուին որոշումները, ի՞նչ գործիքներ կ՛որդեգրուին թափանցիկութեան եւ պատասխանատուութեան համար, ի՞նչպէս կը կազմաւորուին անոնք` որոնք կը կրեն պատասխանատու դիրքեր։

Ոչ թէ փաստաթուղթեր այլ մարգարէութիւն

Այս խորհրդածութիւններու պտուղները պիտի համադրուին տասը էջերու մէջ որովհետեւ նպատակը թղթածրար մը արտադրել չէ` այլ երազներ, մարգարէութիւններ եւ յոյսեր բողբոջելն է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2021, 11:30