Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

«Հպարտ ենք Չինաստանի Կաթողիկէներու հաւատքի վկայութեան համար». Կարդինալ Փարոլին։

Վատիկանի Պետական Քարտուղարի հարցազրոյցը «La Voce del Nordest» Թրենթինոյի Օն Լայն օրաթերթին հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը` որ այս օրերուն հակիրճ ժամանակով արձակուրդի մեկնած է Իտալիոյ Թրենթինօ Մարզ, հարցազրոյց մը ունեցաւ «La Voce del Nordest» Թրենթինոյի Օն Լայն օրաթերթին հետ խօսելով այժմէական ընթացիկ մի քանի հարցերու մասին, որոնց շարքին Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները, Ֆրանչիսկոս Պապին վիրաբուժական գործողութենէն ետք ապաքինման ընթացքը, Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ` Սերճօ Մաթթարելլային զինք կապող յարգանքը։

Չինաստանը

Անդրադառնալով Չինաստանի հետ կապերու մասին եւ յիշելով 2018ին ստորագրուած եւ 2020ին երկու տարիով երկարաձգուած համաձայնագիրը Կարդինալ Փարոլին նշեց թէ կը «գտնուինք երկխօսութեան փուլի մէջ»։ «Համաճարակը, ըսաւ Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը, հարուածեց նաեւ այս ասպարէզը աւելի դժուար դարձնելով համեմատութիւնը»։ «Բայց, աւելցուց Ան, կը յուսանք շուտով վերսկսիլ երկկողմանի հանդիպումները, որպէսզի կարողանանք քննարկել այլ հարցեր, որոնք կը հային Չինաստանի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեանքին»։

Կարդինալ Փարոլին հուսկ  հիացմունք արտայայտեց Չինաստանի կաթողիկէներուն նկատմամբ, աղօթքի մօտիկութիւն հաւաստիացնելով անոնց ու հաստատելով «մենք հպարտ ենք անոնց տուած հաւատքի վկայութեան համար»։

Քահանայապետին եղբայրութեան տեսլականը

Վատիկանի Պետական քարտուղարը ակնարկելով նաեւ Սրբազան Պապին դէմ ուղղուած քննադատութիւններուն Չինաստանի հետ համաձայնագրի ստորագրութեան համար նշեց` թէ «Ֆրանչիսկոս Պապը մեզի իսկապէս ցոյց կ՛ուզէ տալ ճանապարհ մը, ու այս մէկը մասնաւորապէս ըրաւ «Fratelli tutti» շրջաբերականով, որ կարող է մեզ օգնել դուրս գալու այն ծանծաղուտներէն որոնց մէջ կը գտնուի մեր ընկերութիւնը ու մեզ մղէ ընթանալու դէպի նոր աշխարհի մը կառուցումին, աւելի լաւ աշխարհի կառուցման»։

Ֆրանչիսկոս Պապին առողջական իրավիճակը

Խօսելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին առողջապահական իրավիճակի մասին, Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ անցեալ 4 յուլիսին վիրաբուժական գործողութենէն ետք, կարդինալ Փարոլինը յայտնեց` թէ Սրբազան Պապը դանդաղ կերպով կ՛ընթանայ դէպի վերջնական վերականգնում եւ այս մէկը ի յայտ կու գայ Անոր որոշ գործունէութիւններ ստանձնելէն, ինչպէս հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնները ու սեպտեմբերին նախատեսուած առաքելական ճամբորդութիւնը դէպի Հունգարիա եւ Սլովաքիա։

Նախագահ Մաթթարելլայի նկատմամբ յարգանքը

Կարդինալ Փարոլինը հուսկ գնահատանքի եւ երախտագիտութեան խօսքեր վերապահեց Իտալիոյ նախագահ Սերճօ Մաթթարելլային, որուն նախագահի պաշտօնավարութիւնը հասած է իր աւարտին, նշելով որ «Ան գիտցաւ լաւապէս ներկայացնել Իտալիոյ լաւագոյնը ու հարցերու լուծման համար առաջարկել պատշաճ ուղեցոյցներ»։

Հարցազրոյցի ընթացքին Կարդինալ Փարոլինը անդրադարձաւ նաեւ յառաջիկայ օրերուն Լիթուանիա կատարելիք ճամբորդութեան, Ուկրանիոյ մօտ առաքելական նուիրակի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան առթիւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2021, 14:00