Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի Ժողովին լիագումար նիստը (2016) Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի Ժողովին լիագումար նիստը (2016) 

Հինգ տարիներ առաջ ծնունդ առաւ Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի վատիկանեան Ժողովը։

Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու կեանքի Ժողովին սահմանադրութիւնը վաւերացուեցաւ, առ ի փորձ, 10 ապրիլ 2018ին եւ ուժի մէջ մտաւ նոյն տարուայ 13 մայիսին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին վատիկանեան կառոյցներու մէջ բարեկարգումներու շրջագիծէն ներս 2016ին ստեղծուեցաւ Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի գերատեսչութիւնը, որ իր մէջ ներառեց Աշխարհականներու եւ Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդները, պարտականութիւնն ունենալով խթանելու կեանքը ու հոգալու աշխարհական հաւատացեալներու առաքելութեան ինչպէս նաեւ զարգացնելու երիտասարդներու ու ընտանիքին հովուական խնամակալութիւնը ու մարդկային կեանքի ի նպաստ զօրակցութիւնը։

Ծնունդ Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի վատիկանեան Ժողովին 

Արդարեւ 15 օգոստոս 2016 թուակիր «Sedula Mater» վերտառութեամբ ինքնագիր առաքելական նամակով մը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ծնունդ կու տար Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի վատիկանեան Ժողովին որուն մէջ Ան կը հաստատէր թէ «Եկեղեցին հոգատար Մայր` մշտապէս, դարերու ընթացքին, հոգ տարաւ ու ուշադիր եղաւ աշխարհականներուն, ընտանիքն ու կեանքին, բացայայտելով ողորմած Փրկիչին սէրը հանդէպ մարդկութեան»։

«Կը տնօրինենք որ Հռոմի Քուրիայի գերատեսչութիւնները համապատասխանեն ներկայ ժամանակներու իրավիճակին և յարմարուին համընդհանուր Եկեղեցւոյ կարիքներուն» կը կարդանք միշտ վերոնշեալ առաքելական նամակին մէջ, ուր ապա կը նշուի թէ «մեր միտքը մասնաւորապէս ուղղուած է աշխարհականներուն, ընտանիքին և կեանքին, որոնց կը փափաքինք ցուցաբերել աջակցութիւն և օգնութիւն, որպէսզի անոնք ըլլան մեր ժամանակներու Աւետարանի գործունեայ վկայութիւնը, Քաւիչին բարութեան արտայայտութիւնը»:

Սահմանադրութեան վաւերացումը

Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու կեանքի Ժողովին սահմանադրութիւնը վաւերացուեցաւ, առ ի փորձ, 10 ապրիլ 2018ին եւ ուժի մէջ մտաւ նոյն տարուայ 13 մայիսին։

Անոր կ՛իյնայ Եկեղեցւոյ ու աշխարհին մէջ խթանել հաւատացեալներուն կոչումն ու առաքելութիւնը, ըլլայ որպէս անհատներ, ըլլայ որպէս ընկերակցութիւններու, շարժումներու ու հասարակութիւններու պատկանող անդամներ, անոնց մէջ զարգացնելով համապատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի բերումով, ի նպաստ Եկեղեցւոյ կեանքին ու անոր առաքելութեան, իւրաքանչիւրը իր շնորհապարգեւներու միջոցաւ»։

Ընտանիքի հովուական խնամակալութիւնը

Վերոնշեալ Վատիկանեան Ժողովին պարտականութիւնն է նաեւ հոգ տանիլ Ընտանիքին Հովուական խնամակալութեանը, պաշտպանել անոր արժանապատւութիւնը ու անոր բարիքները, հիմնուած ամուսնութեան խորհուրդին վրայ, խթանելով նաեւ ընտանիքին պատասխանատուութիւնն ու իրաւունքները, ըլլայ Եկեղեցւոյ, ըլլայ ընկերութեան մէջ։

Պաշտպանել Կեանքը

Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի Ժողովին նպատակներէն է թիկունք կանգնիլ ու համադրել ձեռնարկներ ի պաշտպանութիւն կեանքին` սաղմէն մինչեւ մահ, ի միտ ունենալով անհատին կարիքները` կեանքի բոլոր հանգրուաններու ընթացքին։

Ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքը

Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի վատիկանեան Ժողովին կ՛իյնայ կազմակերպել միջազգային համաժողովներ ու ձեռնարկներ որոնց շարքին նաեւ ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքը, որուն յառաջիկայ 10րդ փուլը պիտի կայանայ Հռոմի մէջ 2022ի` 22էն 26 Յունիսին ու պիտի նշուի յատուկ ձեւով. Հռոմը պիտի ըլլայ հաւաքին կեդրոնը սակայն ամէն մէկ թեմ պիտի կարենայ այդ հաւաքին մասնակցիլ թեմական տեղական գետնի վրայ կազմակերպելով Ընտանիքներու Համաշխարհային հաւաքը։

«Ընտանեկան սէրը. Կոչում եւ սրբութեան ճանապարհ»:

«Բոլորն ալ պիտի կարողանան մասնակցիլ այս հաւաքին» ըսած էր Սրբազան Քահանայապետը Ընտանիքներու Համաշխարհային Հաւաքը յայտարարող իր հրապարակած լսատեսողական պատգամին մէջ խրախուսելով ընտանիքներն ու հաւաքները կազմակերպողները ըլլալու «եռանդոտ, գործունեայ եւ ստեղծագործ»։

Ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքը պիտի կայանայ «Amoris laetitia» շրջաբերականի վեցերորդ ու «Gaudete et exsultate» շրջաբերականի չորրորդը տարեդարձներուն շրջագիծէն ներս, որպէս բնաբան ունենալով «Ընտանեկան սէրը. Կոչում եւ սրբութեան ճանապարհ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2021, 09:30