Կարդինալ Ալպերթ Վանհոյը։ Կարդինալ Ալպերթ Վանհոյը։ 

Հոգին աւանդեց առ Հայր ֆրանսացի Կարդինալ Ալպերթ Վանհոյը։

Անոր մահով կարդինալական դասը այժմ կազմուած է 220 կարդինալներէ որոնցմէ 123ը Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ իսկ 97ն ոչ ընտրող։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ծագումով Ֆրանսացի Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Կարդինալ Ալպերթ Վանհոյը 98 տարեկանին հեռացաւ այս աշխարհէն Հռոմի մէջ ` հինգշաբթի 29 յուլիսին։ Ան կարդինալական դասին ամենամեծ տարիքով կարդինալն էր։ Անոր մահով կարդինալական դասը այժմ կազմուած է 220 կարդինալներէ, որոնցմէ 123ը Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ իսկ 97ն ոչ ընտրող։

Հակիրճ կենսագրական

Կարդինալ Ալպերթ Վանհոյը ծնած էր 24 յուլիս 1923ին Ֆրանսայի Հիւսիսը գտնուող Լիլ թեմի Հազեպրուք քաղաքին մէջ

1941ի 11 սեպտեմբերին կ՛անդամակցի Յիսուսեան միաբանութեան ու 26 յուլիս 1954 ին քահանայ կը ձեռնադրուի։ Սորպոնի համալսարանին մէջ կ՛աւարտէ գրականութեան մասնաճիւղը ու Էնկիէնի Համալսարանէն կը ստանայ աստուածաբանութեան տոքթորայի վկայագիրը։

1963ին կը կանչուի Հռոմ ուր կը նուիրուի դասաւանդութեան ստանձնելով նաեւ ակադեմիական մարզէն ներս տարբեր պաշտօններ։

Կարդինալական տիտղոսը

22 Փետրուար 2006 ին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը կը յայտարարէ անոր Կարդինալական դասին անդամակցութիւնը այլ երկու 80 տարեկանէ վեր եկեղեցականներու հետ միասին «ի տես Եկեղեցւոյ մատուցած օրինակելի հաւատարմութեամբ ու հիացական նուիրումով ծառայութեան համար»։

Հայր Վանհոյը կարդինալական տիտղոսը կը ստանայ նոյն տարուայ մէջ` 24 մարտին կայացած Կարդինալական Ընդհանուր հաւաքին ընթացքին։

Անոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը նախատեսուած է շաբաթ օր` 31 յուլիսի առաւօտեան ժամը 11 ին, նախագահութեամբ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետին հեռագիրը

Ծիրանաւորին մահուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հեռագիրի մը միջոցաւ իր ցաւը արտայայտեց «այդ եղբօր մահուան համար որ Տիրոջ ու Եկեղեցիին ծառայեց մեծ նուիրումով» գրեց Սրբազան Պապը երախտագիտական խօսքեր ուղղելով Անոր յիշատակին։

Սրբազան Պապը ապա մատնանշեց Կարդինալ Վանհոյի քարոզութեան առաքելութեան նկատմամբ ունեցած սիրոյն ինչպէս նաեւ անոր անխոնջ գործունէութեան` որպէս Սուրբ Ինքնատիոսի հոգեւոր զաւակ, փորձագէտ ուսուցիչ, աստուածաշունչի հեղինակաւոր գիտնական, Աստուածաշունչի Քահանայապետական Հաստատութեան գնահատուած ռեկտոր, հռոմէական Քուրիայի որոշ գերատեսչութիւններու ջանասէր և իմաստուն գործընկեր»:

Սրբազան Պապը հեռագիրը աւարտեց աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած որպէսզի իր այս հաւատարիմ ծառան ընդունի Երկնային Երուսաղէմին մէջ ապա իր օրհնութիւնները փոխանցեց բոլոր անոնց որոնք կ՛ողբան ծիրանաւորին մահը յատուկէն յիշելով անոնք` որոնք վերջին ժամանակներուն խնամք տարին ու անոր ընկերացան.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2021, 10:00