«Գրիգոր Պետրոս Ի-ի տառապանքը միահիւսուեցաւ իր տառապող ժողովուրդի ցաւին հետ». Կարդինալ Սանտրի

Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչին քարոզը Հռոմի Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու մայրավանքին մէջ մատուցուած Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքի հոգւոյն հանգստեան համար մատուցուած սուրբ պատարագին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 5 Յունիս 2021-ին, կէսօրէն ետք ժամը 6ին, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան Հռոմի մայրավանքի շրջափակին մէջ, նախագահութեամբն վսեմաշուք Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի, Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ, եւ ի ներկայութեան ՀՀ Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպան Տիար Կարեն Նազարեանի ու ՀՀ Իտալիոյ եւ Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպանութիւններու անձնակազմի անդամներուն ու հռոմաբնակ հայ հաւատացեալներուն ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ Մյա Աթոռ Ս. Էջմիածնի ներկայացուցիչ՝ Գերաշնորհ Խաժակ Արքեպ Պարսամեանի եւ Արեւելքի քոյր եկեղեցիներու եկեղեցական ներկայացուցիչներուն, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ զոր մատոյց Լեւոնեան Վարժարանի մեծաւորը Գերյ. Հայր Նարեկ Վարդան Նաամոյանը ի հոգւոյն հանգստեան Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին։

Կարդինալ Սանտրիի քարոզը

Սուրբ Զոհի ընթացքին Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը, որուն սկիզբը ան նշեց թէ մէկ շաբաթ առաջ Լիբանանի մէջ կայացած Գրիգոր Պետրոս Ի Ղապրոյանի յուղարկաւորութենէն ետք, այսօր՝ որպէս Հռոմի Հայ Կաթողիկէ համայնք կը գտնուինք աղօթքի մէջ շարունակելու համար Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Եկեղեցւոյ Հայր ու Գլուխ, մեր այս եղբօր հոգւոյն հանգստեան համար աղօթքները ու այս մէկը կը կատարենք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի ելն ի վիրապի տօնին օրը։

Ղապրոյեան Հոգեւոր Տէրը ամբողջութեամբ յանձնուեցաւ Խաչեալին

Կարդինալ Սանտրին նշեց ապա թէ քրիստոնէական հոգեհանգիստի աղօթքը Աստուծոյ ողորմութեան կը յանձնէ ննջեցեալ եղբօր հոգին գթութիւն խնդելով անոր հոգւոյն համար ու Քրիստոսին յիշեցնելով անոր ժողովուրդին ի սպաս նուիրումի ծառայութիւնը։ Ասկէ մեկնելով Ծիրանաւորը մասնաւորապէս շեշտը դրաւ երջանկայիշատակ Հոգեւոր Տիրոջ ապրած կեանքի վերջին հատուածին, որ ան անցուց հիւանդութեան մէջ եւ ֆիզիկական ուժերու տկարութեամբ, որ «Գրիգոր Պետրոսի Ի Ղապրոյանը ապրեցաւ ամբողջութեամբ Խաչեալին յանձնելով ոչ միայն ինքզինք այլ համայն հայ կաթողիկէ նուիրապետութիւնը» ըսաւ հուսկ Կարդինալ Սանտրի։

Հայ Ժողովուրդի տառապանքը

«Մեր սիրելի եղբօր տառապանքը միահիւսուեցաւ հայ ժողովրդուի դարաւոր տառապանքի, իր ծննդավայր Սուրիայի եւ նաեւ Լիբանանի տառապանքին հետ, որ կը կռէ պատերազմի, բռնութեան, անկայունութեան ու նաեւ համաճարակին վէրքերը» աւելցուց ապա Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը, հրաւիրելով ներկաները իրենց սրտերուն մէջ խորհելու երջանկայիշատակ Հոգեւոր Տիրոջ հետ ունեցած հանդիպումի մասին ու բոլոր այդ պահերուն համար գոհաբանութիւն յայտնելու Աստուծոյ։

Գրիգոր Պետրոս Ի-ի յանձառու աշխատանքը

Կարդինալ Սանտրի հուսկ մատնանշեց Գրիգոր Պետրոս Ի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հանրութեան ծանօթացնելու գործունէութեան ինչպէս նաեւ Անոր Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումի գործընթացի ծիրէն ներս ներդրումներուն ու վերջերս անոր կամքով սկիզբ առած Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանի սրբադասման դատին։

Նոր Պատրիարքի ընտրութիւն

Ծիրանաւորը քարոզին վերջին մասը նուիրեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսին որ կոչուած է ընտրելու երջանկայիշատակ Կաթողիկոս Պատրիարքին յաջորդը ու այս առընչութեամբ հոգեւոր միութիւնը արտայայտեց Արհ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրեաթեանին ՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան կառավարիչին ու հրաւիրեց աղօթել, «որպէսզի սիւնհոդոսը ընտրէ Աստուծոյ կամքի համաձայն անձ մը, որ կարողանայ հաւատացեալներու սրտերը բարձրացնել դէպի Աստուած, նմանութեամբ հայ սուրբերուն, եւ քսաներորդ դարու բազմաթիւ հայ մարտիրոսներուն։

Պահպանել  հօտը  միութեան եւ հաղորդութեան մէջ 

«Պատրիարք մը, որ կարող ըլլայ պահպանել իր հօտը ու միութեան եւ հաղորդութեան մէջ արժեւորել Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ արտակարգ կենսամիջոցները» ըսաւ Կարդինալ Սանտրին մատնանշելով Զմմառու Պատրիարքական միաբնութեան,Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան ու Մխիթարեան ուխտին ինչպէս նաեւ այլ միաբանութիւններու անդամ հայ քահանաներուն ու կրօնաւորներուն։

Խոր Վիրապը, Արարատը եւ աղաւնիներուն թռիչքը

«Թող որ Սուրբ Հոգիին հայ կաթողիկէ եկեղեցին առաջնորդէ դէպի բարիի հորիզոն մը որ վստահաբար Տէրը կը պատրաստէ, եթէ մենք ունկնդրութեան մէջ մնանք Անոր հետ, յաղթահարելով մարդկային տրամաբանութիւնները։ Այդ պահուն մենք եւս Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի նման դուրս պիտի գանք խոր վիրապի բանտարկութենէն» նշեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչը ապա մաղթանք յայտնեց, որ մենք եւս՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նման, 2016-ին Հայաստան կատարած առաքելական այցելութեան աւարտին, Խոր վիրապի վանքէն մեր աչքերը սեւեռենք Արարատ լերան, ու Անոր Գարեգին Բ Կաթողիկոսի հետ միասին երկինք արձակած աղաւնիները ըլլան յոյս Հոգիին որ թռիչք պարգեւէ ձեր եկեղեցւոյ, յարեց Վսեմաշուք Կարդինալը ու քարոզը եզրափակեց վստահեցնելով որ «Մեր սիրելի Գրիգոր ր Պետրոս Ի Պատրիարքը վստահաբար պիտի բարեխօսէ մեզի համար այդ դիտաւորութեամբ»

Հոգեհանգստեան պաշտօն

Ս. Զոհին աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն վախճանեալ Հոգեւոր Տիրոջ հոգւոյն հանգստեան համար։

Նշենք թէ  արարողութեան մասնակցողներուն շարքին էին նաեւ՝ Մարոնի Եկեղեցւոյ Պատրիարքական ներկայացուցիչ՝ Արհի. Ռաֆիք եպս. Էլ Ուարշայ, Ասորի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական ներկայացուցիչ՝ Արհի. Ռամի եպս. Ալ Գալապան,  Արեւելեան եկեղեցիներու խորհուրդի փոխ-քարտուղար՝ Գեր. Ֆլաւվիօ Փաչէ, Անտոնեան Քահանայապետական Վարժարանի Մեծաւոր՝ Գեր. Մաժիտ վրդ. Մարուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2021, 12:52