Հաւատք եւ Գիտութիւն միացած կլիմայական փոփոխութեան դէմ Հաւատք եւ Գիտութիւն միացած կլիմայական փոփոխութեան դէմ 

Հաւատք եւ Գիտութիւն միացած կլիմայական փոփոխութեան դէմ

«Ճգնաժամային բոլոր հարցերը որոնք կը հային հասարակաց տան խնամքին, կ՚իրականանան այս պահուն, եւ պատասխան մը տալու հրամայականը կ՚աճի»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն 4ի համար Կլասկոյի մէջ կազմակերպուած է համագումար մը «Հաւատք եւ Գիտութիւն» (Faith and Science: Toward Cop26) տիտղոսով, ուր պիտի համախմբուին առաջնորդներ կրօնքի եւ գիտութեան մարզերէն։ Գերպ Կալլակըր, քարտուղար պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու բաժանմունքին յայտարարած է, թէ Սրբազան Պապը շատ հետաքրքրուած է այդ համագումարով եւ պիտի զարմանայ եթէ չկարենայ մասնակցիլ։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է Սուրբ Աթոռի մօտ եւ Միացեալ Թագաւորութեան մօտ Իտալիոյ դեսպանութիններու կողմէ։

Ունկնդրէ լուրը

Մարդկութիւնը կ՚ապրի տնտեսական եւ ընկերային ճգնաժամեր։ Վերջին մէկուկէս տարին ասոնց կը միանայ համավարակը մատնելով երկրագունդը «կատարեալ փոթորիկի» մը ըսած է Գերպ Կալլակըր աւելցնելով. «Ճգնաժամային բոլոր հարցերը որոնք կը հային հասարակաց տան խնամքին, կ՚իրականանան այս պահուն, եւ պատասխան մը տալու հրամայականը կ՚աճի»։

Սուրբ Աթոռը, նշած է Գերպ Կալլակըր, երբեք կասկած չէ ունեցած միանալու այս ձեռնարկին եւ իր նպաստը բերելու։ Կենսոլորտի հետ կապուած խնդիրները միշտ եղած են Սրբազան Պապի ուշադրութեան առարկայ, ինչպէս կը տեսնենք «Գովեալ լիցի» շրջաբերականին մէջ։ Եկեղեցին մեծ զգայնութեամբ կը մօտենայ այս խնդիրներուն։

Յիշեալ համագումարին պիտի մասնակցին քառասուն կրօնական առաջնորդներ ամբողջ աշխարհէն եւ տաս գիտնականներ, որոնք պիտի քննարկեն բնութեան եւ ընկերութեան հետ կապուած նիւթեր։ Կրօնքները կարեւոր դերակատարութիւն եւ մատուցանելիք նպաստ ունին այս հարցին մէջ, որովհետեւ անոնք ունին համապարփակ տեսլական մը որ կ՚ընդգրկէ մարդկային կեանքիբոլոր երեւոյթները։ 

Գերպ Կալլակըր աւելցուցած է, թէ համագումարի գաղափարն է «հաւատքի եւ գիտութեան միջեւ երկխօսութիւն մը ունենալ. որովհետեւ պատմութեան մէջ շատ անգամ հաւատքը գտնուած է ընդդիմադիր դիրքի վրայ՝ գիտութեան հանդէպ, ինչպէս նաեւ հակառակը։ Սակայն ներկայիս հաւատքը եւ գիտութիւնը կրնան միասնաբար բերել իրենց նպաստը կենսոլորտի խնդիրներուն մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2021, 10:07