Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Աղօթքի դիտաւորութիւններու «Քահանայապետի տեսերիզ» ծրագիրը հինգ տարեկան։

Հինգ տարիներ առաջ Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցի նախաձեռնութեամբ սկիզբ առաւ Աղօթքի դիտաւորութիւններու «Քահանայապետի տեսերիզ» ծրագիրը, որ կը վայելէ անընդհատ աճող ժողովրդականութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երբ հինգ տարիներ առաջ սկիզբ տրուեցաւ Աղօթքի դիտաւորութիւններու «Քահանայապետի տեսերիզ» ծրագիրին Յիսուսեան Հայր Ֆետերիքօ Ֆորնոսը, Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցի ծրագիրի տնօրէնը, չէր կրնար նախատեսել այսպիսի մեծ ու անընդհատ աճող ժողովրդականութիւն մը։

Ծրագրի յաջողութիւնը

«Մտածումս այն էր թէ ծրագիրը կարող էր տեւել երեք ամիս կամ ամենէ շատ մէկ տարի» կը պատմէ Հայր Ֆորնոս Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին վերոնշեալ ծրագրի մեկնարկին հինգերորդ տարեդարձին առիթով, աւելցնելով, որ «ծրագիրը յառաջ կ՛ընթանայ մեծ յաջողութեամբ, ընկերային ցանցերու վրայ ունենալով մինչեւ 155 միլիոն դիտորդ, մինչ միջազգային մամուլի վրայ հրապարակուեցան աւելի քան 17 հազար յօդուածներ»։

Այս ուղղութեամբ Հայր Ֆորնորս մատնանշեց թէ այս մէկը կը պարտի նաեւ Վատիկանի հաղորդամիջոցներուն համագործակցութեան։

Նոր ոճ մը

Ան պատմեց ապա թէ գաղափարը ծնունդ առաւ Քահանայապետի կողմէ հռչակուած ողորմութեան յոբելենական տարւոյն աւարտին` 2016-ին ու թէ անոր նպատակն էր` որոնել նոր «ոճ» մը օգնելու համար բոլորին լաւապէս աղօթելու ու մասնակցելու Քահանայապետի ամէն մէկ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւններուն։

«Կ՛ուզէինք զոր օրինակ բացատրել` թէ կարեւոր է աղօթել մարդկային եղբայրութեան համար, խաղաղութեան համար, այնպէս ինչպէս մեզմէ կը խնդրէ Սրբազան Պապը եւ այս յաջողութեան պատճառը այն է, որ ամէն ամիս նոյնինքն Քահանայապետն է, որ իր ձայնով կը խրախուսէ մեզ համապատասխանելու իր հրաւէրին» ըսաւ Հայր Ֆորնոսը նշելով նաեւ որ այդ տեսերիզը ամէն ամիս կը թարգմանուի եւ կը հրապարակուի 23 լեզուներով ու թէ զայն դիտողներուն մեծամասնութիւնը երիտասարդներ են։

Հաղորդութեան մէջ հասարակութիւն

Հայր Ֆորնոսը յայտնեց ապա թէ այդ Քահանայապետի տեսերիզ ծրագիրն շուրջ կազմուած է իսկական հասարակութիւն մը, որ աշխարհի բոլոր վայրերէն կը միանայ այդ աղօթքին ուր կը համախմբուին ու հաղորդութեան մէջ կը մտնեն մեր բազմակի ինքնութիւնները։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2021, 10:46