Վատիկանի մէջ քովիտ 19ի դէմ պատուաստանիւթ։ Վատիկանի մէջ քովիտ 19ի դէմ պատուաստանիւթ։ 

Վատիկանի մէջ այլ 300 աղքատ անձեր քովիտ 19ի դէմ պատուաստանիւթ կը ստանան

Սուրիոյ եւ Հնդկաստանի համար յատկացուած են գումարներ օգտագործելու համար համաճարակի պայքարի դէմ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 8 մայիսին, Վատիկանի մէջ կը շարունակուի Քովիտի դէմ պատուաստանիւթ տրամադրուիլ յատուկէն աղքատ անձերուն նախաձեռնութեամբ առաքելական ողորմնաբաշխութեան «դադրած պատուաստանիւթ»ծրագիրին, որուն շնորհիւ օժանդակութիւն ստացան, համաճարակի հետեւանքով դժուար մէջ գտնուող երկիրներ ինչպէս Սուրիան եւ Հնդկաստանը։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետի ողորմնաբաշխ կարդինալ Քոնրատ Քրաժեվսքին զրոյցի համաձայն վերջերս Սուրբ Պետրոսի հրապարակին մօտ գտնուող Ողորմածութեան Մայր բուժարանի ներկայացուած են պատուաստանիւթ ստանալու բազմաթիւ խնդրանքներ աղքատ, անօճախ բազմաթիւ անձերու կողմէ։ Ընդառաջելով այդ խնդրանքներուն, արդարեւ շաբաթ, 8 մայիսին, Պօղոս Զ անուան դահլիճին պիտի պատուաստուին 300 անձեր, որոնք յաճախ առողջապահական խնամակալութենէն զերծ են իրենց ապրած տարածքի մէջ գործող կազմակերպուածութիւններուն կողմէ , ինչպէս եղաւ ն 1400 անձերու որոնք պատուաստուեցան Վատիկանի մէջ։

Ողորմնաբաշխութեան առաքելական գրասենեակը կը շարունակէ քաջալերել նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել , օգնելու համար համաճարակի պայքարի դէմ դժուարութեան մէջ գտնուող երկիրներուն նկատել տալով որ ցարդ 200 հազար տոլար օժանդակութիւն ստացուած է հնդկաստանի համար որ համաճարակի երկրորդ ալիքի ծանրապէս զոհ գացած է որուն Ֆրանչիսկոս Պապ մօտիկութեան պատգամը յղեց ։ 350 հազար տոլար օժանդակութիւն ստացուած է նաեւ Սուրիոյ։ այդ գումարները պիտի փոխանցուին պապական նուիրակներուն որոնք անհրաժեշտութեան պարագային պիտի օգտագործեն այդ գումարները։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2021, 09:27