Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին քահանայապետական ներկայացուցիչ Սուրբ Օտիլէին մահուան 13-րդ դարադարձին յիշատակի նուիրուած արարողութեան

Սրբուհի Օտիլէ ի ծնէ կոյր էր, 15 տարեկանին, սուրբ մկրտութեան խորհուրդի պահուն հրաշքով բուժուած է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, կարդինալ Փիեթօր Փարոլինը իբրեւ քահանայապետական ներկայացուցիչ նշանակեց նախագահելու համար Սրբուհին Օտիլէի մահուան 1300 ամեակի նուիրուած սուրբ Պատարագին, որ պիտի մատուցուի 4 յուլիսին, Սդրասպուրկի մայր տաճարէն ներս։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։

Սրուհի Օտիլէ կարճ կենսագրականը։

Սրբուհի Օտիլէ ծնած է շուրջ 660 թուականին եւ վախճանած է 720ին։ Անոր անունը կը նշանակէ Աստուծոյ ճրագ։ Ծագումով ազնուական ընտանիքի զաւակ է։

Ի ծնէ կոյր էր, 15 տարեկանին, սուրբ մկրտութեան խորհուրդի պահուն հրաշքով բուժուած է։ Կրօնաւորուհի կը դառնայ ապա կը հիմնէ Hohenbourg բերդին վրայ վանք մը, որ կը գտնուի Օտիլէ անուան լերան վրայ անուանկոչուելով Օտիլէ անունը։Վանքին սուրբ վայրը , Ալսացիա շրաջվայրին հռչակաւոր ուխտավայր կը դառնայ։

Սրբուհի Օտիլէ սուրբ կը հռչակուի Լէոն 9-րդ Պապին օրով, ԺԱ դարուն , ապա Ալսացիայի պաշտպան սրբուհի կը հռչակուի Պիոս ԺԲ Պապին օրով, 1946ին, համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն մէկ տարի ետք։

13 դեկտեմբեր 2020ին, Սդրասպուրկի թեմը հռչակեց յոբելենական տարի, սրբուհի Օտիլէի մահուան 1300 տարեդարձին առիթով։

Յայտնենք թէ քահանայապետերուն շարքին Սդրասպուրկի եւ Մեզի թեմերը այցելած են Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ պապը 1988ին, մինչ Ֆրանչիսկոս Պապ այցելած է 2014ին նոյեմբեր ամսոյն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2021, 10:43