Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ հակամարտութիւն Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ հակամարտութիւն 

Կարդինալ Փարոլին. «կարիքը կայ անմիջապէս զինադադար հաստատելու»։

«Մեր մտահոգութիւնը Նորին Սրբութեան միեւնոյն մտահգութիւն է ու մեր յանձնառութիւն է ամէն ինչ կատարել զինադադարի հաստատման համար » ըսաւ կարդինալ Փարոլին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Սուրբ Աթոռիմտահոգութիւնը յայտնեց Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ բռնութիւններուն գծով։ Ծիրանաւորը այս մասին արտայայտուեցաւ, Սուրբ Աթոռի մէջ Իտալական դեսպանատունէն ներս լրագրող Ինիացիօ Ինկրաոյի, Օսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթի երբեմն տնօրէն, Մարիօ Այնէսի նուիրուած գիրքի ներկայացումի առիթով արտասնած խօսքին մէջ որուն ընթացքին հրատապ նկատեց զինադադար հաստատել, իր վիշտն ու մտահոգութիւնը յայտնելով ներկայ կացութեան համար, որ կը շարունակէ վտանգաւոր հանդիսանալ հակառակ միջազգային ընտանիքին ջանքերուն, զինադադարի հասնելու համար։

Ամէն ինչ կատարել պատերազմը դադրեցնելու համար։

Կարինալ Փարոլին նկատել տուսւ որ Համասին եւ Իսրայէլի միջեւ բախումները ,մեռեալներէ անդին քար ու քանդ կ՝ընէ բոլոր տարածաշրջանը։ Ան յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին , կիրակի 16 մայիսին, կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի առթիւ արտասանած խորհրդածութեան մէջ արտայայտած մտահոգութիւնը յատուկէն մահացած մանուկներու առնչութեամբ։

«Մեր մտահոգութիւնը Նորին Սրբութեան միեւնոյն մտահգութիւն է ու մեր յանձնառութիւն է ամէն ինչ կատարել զինադադարի հաստատման համար » ըսաւ կարդինալ Փարոլին։

Երկու պետութիւններու լուծումը

Պատասխանելով, եթէ Սուրբ Աթոռը կրնայ միջնորդ ըլլալ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ լրագրողներու հարցումին կարդինալ Փարոլին
նշեց որ վատիկանը ամէն ինչ պիտի կատարէ նախ եւ առաջ զինադադարի համար, որուն կարելէ է հասնիլ երկու Պետութիւններու լուծումով։ Ան ապա անդրադարձաւ յառաջիկայ շաբաթ օր, Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ուրսուլա Վոն Տէր Լեյէնի միջեւ կայանալիք հանդիպումի նշելով որ այդ հանդիպումը առիթ պիտի ըլլայ տագնապի քննարկման համար։

Կարդինալ Փարոլին ապա վստահեցուց, որ ինք Ուրսուլայ Վոն Տէր հետ պիտի խօսին Պաղեստինի եւ Իսրաէլի միջեւ հարցերուն մասին ընդգծելով որ Անհրաժեշտ է միացնել բոլոր ուժերը դադրեցնելու համար այդ տագնապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2021, 09:36