Պուտտայականներու Vesakh-ի` Լոյսի տօնը Պուտտայականներու Vesakh-ի` Լոյսի տօնը 

Պուտտիսթներ եւ քրիստոնեաներ միասնաբար խթանենք հոգատարութեան եւ զօրակցութեան մշակոյթը։

«Քովիտ 19 համաճարակէն յառաջ եկող տառապանքը մեզ իրազեկ դարձուց թէ որքան դիւրաբեկ ենք ու իրարմէ կախուած» նկատել տուաւ Կարդինալ Կիսոն հաստատելով որ «կանչուած ենք ի գործ դնելու զօրակցութիւնը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի 26 Մայիսին կը նշուի Պուտտայականներու Vesakh-ի` Լոյսի տօնը, որուն առթիւ կը յիշատակուին ''Gautama Buddha''-ի կեանքի երեք կարեւոր հանգրուանները. ծնունդը, լուսաւորութիւնն ու մահը։

Աւանդութիւն դարձած է, որ այս տօնին առթիւ Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը ամէն տարի շնորհաւորանքի պատգամ մը յղէ Պուտտայականներուն։

2021-ի պատգամին առանցքը կազմեց հոգատարութեան եւ զօրակցութեան մշակոյթը։

«Ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանձին»

Պատգամին մէջ Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը Կարդինալ Միկել Աեուզօ Կիսոն իր շնորհաւորանքները ուղղելէ եւ աղօթքները ապահովեցնելէ ետք անդրադարձ կը կատարէ աշխարհը տագնապի մատնող Քովիտ19 համաճարակին, «որ կը հրաւիրէ», կը գրէ Ան «բոլոր կրօններու հաւատացեալները համագործակցելու ի սպաս հասարակաց մարդկայնութեան», յղում կատարելով Ասսիզիի մայրավանքին մէջ 3 հոկտեմբեր 2020-ին Քահանայապետին ստորագրած «Fratelli tutti» շրջաբերականին, ուր Նորին Սրբութիւնը կը մատնանշէ թէ «ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանձին»։

Կանչուած ենք ի գործ դնելու զօրակցութիւնը

«Քովիտ 19 համաճարակէն յառաջ եկող տառապանքը մեզ իրազեկ դարձուց թէ որքան դիւրաբեկ ենք ու իրարմէ կախուած» նկատել կու տայ Կարդինալ Կիսոն հաստատելով որ «կանչուած ենք ի գործ դնելու զօրակցութիւնը»։

Ակնարկելով հուսկ Պուտտայականներու երկնային չորս առաքինութիւններուն Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդին նախագահը մաղթանք կը յայտնէ` որ Քովիտ19 ողբերգական իրականութիւնը աւելիով ամրացնէ բարեկամութեան կապերը ու միացնէ քրիստոնեաներն ու պուտտայականները մարդկային ընտանիքին ծառայութեան մէջ, որդեգրելով «երկխօսութեան ճանապարհը որպէս ուղի, միասնական համագործակցութիւնը որպէս ապրելաոճ եւ իրար ճանաչումը որպէս մեթոտ ու չափանիշ ( Fratelli tutti, 285)։

Կարդինալ Կիսոն պատգամը կ՛աւարտէ  բարի տօնակատարութեան մաղթանքով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2021, 12:14