Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան բաժանմունքի կառավարիչ Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինի Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան բաժանմունքի կառավարիչ Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինի 

«Լաւ լրագրողը պէտք է պահպանէ բիւրեղ հայեացք մը» Ռուֆֆինի

Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան բաժանմունքի կառավարիչ Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինի եզրափակումը կատարեց Սան Փաոլօ հրատարակչական խումբին Ընկերային Հաղորդակցութեան Միջոցներուն նուիրուած շաբաթուան։ Երթալ եւ տեսնելը միակ ճանապարհն է հասկնալու համար իրականութիւնը եւ պատմելու ճշմարտութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Միայն բիւրեղ հայեացք մը կարող է տեսնել, ճանչնալ, հասկնալ ու միացնել իրականութեան մը մասնատուած բարդութիւնը, հետեւաբար իմանալ»։ Ասոր համար «Երանի անոնց՝ որոնք մաքուր են սրտով» երանութիւնը, որ ըստ երեւոյթին կարող է հեռու նկատուիլ լրագրողներու արթնամիտ աշխարհէն», երանութիւնն է, որ աւելիով կարող է օգնել հաղորդակցութեան գործիչներուն մօտիկ ըլլալու եւ «վերագտնելու իրերու էութիւնը»։ Էութիւն, որ պէտք է փնտռուի երեւոյթէն անդին եւ այնպէս ինչպէս զայն կը յիշեցնէր Antoine de Saint-Exupéry-ի  փոքրիկ իշխանին աղուէսը «անտեսանելի է աչքերուն»։

Բարութիւնը մեծ լրագրողի գաղտնիքն է

Ընկերային Հաղորդակցութեան միջոցներու 55-րդ օրուան առթիւ Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան բաժանմունքի կառավարիչ՝ Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինի եզրափակումը կատարելով Սան Փաոլօ հրատարակչական խումբին Հաղորդակցութեան Միջոցներուն նուիրուած շաբաթուան, ոչ միայն կը յիշեցնէ թէ «լաւ լրագրող մը պէտք է պահպանէ բիւրեղ հայեացք», այլ կը հակազդէ նաեւ այն գաղափարին, որ հաղորդակցութեան գործիչին արհեստը կը պահանջէ «պաղութիւն»,  որ անհամեմատելի է քնքուշ սրտի հետ ու թէ լրագրութիւնը աւելի յարմար է անոնց, որոնք կարծրասիրտ են»։ Ryszard Kaupscinski կը հաստատէր թէ «բարութիւնն է մեծ լրագրողի մը գաղտնիքը»

Դուրս ելլել

Ներշնչում քաղելով Քահանայապետին Հաղորդակցութեան Միջոցներու 55րդ օրուան նուիրուած պատգամէն, որուն բնաբանն է «եկուր եւ տես»  Ռուֆֆինի կը մատնանշէ հաղորդակցութեան աշխարհի բանալի որոշ հասկացութիւններուն, որոնցմէ առաջինը «դուրս ելլելն է», որ կը նշանակէ երթալ դէպի միւսները դէպի գոյութենական արուարձանները ու շարժիլ դէպի մեր եղբայրներն ու քոյրերը, յատկապէս դէպի անոնց՝ որոնք աւելիով հեռու են ու մոռցուած, անոնք որոնք կարիքը ունին հասկացողութեան, մխիթարութեան եւ օգնութեան։

Քալել

Երկրորդ բանալի հասկացողութիւնը «քալելն» է։ Քալելը հաղորդակցողի բնական վիճակն է։ Ան պէտք է մաշեցնէ իր կօշիկներուն ներբանը։ «Ոչ միայն որովհետեւ ճշմարտութեան որոնումը այսուամենայնիւ ճանապարհ է, այլեւ որպէսզի տեսնենք ու բացայայտենք ներքեւէն տեսնուած պատմութիւն մը» կը նշէ Ռուֆֆինի։

Ճշմարտութիւնը փնտռել

Ճշմարտութեան որոնումը ապա երրորդ բանալի հասկացողութիւնն է։ Ճշմարտութիւն մը, որ պէտք չէ ըլլայ մակերեսային։ Ժամանակ յատկացնել զայն հասկնալու համար։ Խորացնելու մեր գիտելիքներն ու համոզումները։

Ազնուութիւնը

Իսկ վերջին գաղափարը ուղիղ հաղորդակցութեան մը համար  ազնուութիւնն է ։ Բառ մը, որ մեզ կը հրաւիրէ դիտելու մեր ներաշխարհը, մեզ կը դնէ պատասխանատուութեան դիմաց։ Մեզ կը դնէ երկընտրանքի առջեւ «կեդրոնանալ մեր անձին վրայ ու պատմել մեր  ուրուականները կամ երթալ եւ տեսնել, դպչիլ ու պատմել ճշմարտութիւնը,  որ կը տեսանք»։

Երբեք չի դադրինք քալելու իրականութեան մէջ մաշեցնելով մեր կօշիկներուն ներբանները եւ ոչ թէ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2021, 12:03