Աստուծոյ ծառայ Խօսէ Հերնանտեզ Աստուծոյ ծառայ Խօսէ Հերնանտեզ 

Կարդինալ Փարոլին պիտի չնախագահէ Աստուծոյ ծառայ Խօսէ Հերնատեզի երանացման արարողութեան Վենզուելլայի մէջ։

Աստուծոյ ծառայ Խօսէ Հերնանտեց իր կենաքը նուիրած է վերջիններուն, որոնց խնամք կը տանէր, նամանաւանդ Սպանական համաճարակի տագնապի ժամանակ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 30 ապրիլին, Վենեզուելլայի մէջ յատուկ արարողութեան մը ընթացքին երանելի պիտի հռչակուի աղքատներու բժիշկ Աստուծոյ ծառայ Խօսէ Կրէկորիօ Հերնանտեզը։ Երանացման արարողութեան պիտի նախագահէր Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթռօ Փարոլին, սակայն համաճարակի պատճառաւ կարդինալ Փարոլին պիտի չկարենայ Վենեզուելլա ժամանել ուր տարբեր տարիներ եղած է Պապական նուիրակը։

Ունկնդրէ լուրը

Կարդինալ Փարոլին մաղթեց, որ Աստուծոյ ծառայ Խոսէի երանացումը օգնէ վենեզուելլայի ժողովուրդը՝ դիմագրաւելու մարդասիրական տագնապը, ու զարգացնէ խաղաղ համակեցութիւնը։։

Աստուծոյ ծառայ Խօսէ Հերնանտեց իր կենաքը նուիրած է վերջիններուն, որոնց խնամք կը տանէր, նամանաւանդ Սպանական համաճարակի տագնապի ժամանակ։ Ան ծնած է 1864-ին ու մահացած է ինքնաշարժի արկածի պատճառով։ 29 յունիս 1919ին, Աստուծոյ ծառան, աղքատ տարեցի մը համար դեղարանէն դեղ գնելէ ետք տուն վերադառնալու ատեն արկածի հետեւանքով մահացած է։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Աստուծոյ ծառային երանացման արարողութեան պիտի նախագահէ Վենեզուելլայի մէջ Պապական նուիրակ, գերապայծառ Ալտօ Ժորտանօ։

Յայտնենք, որ Խօսէ Պերնարտոյի սրբադասման դատը սկիզբ առած է 70 տարին առաջ, 1949ին, Քարաքասի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Լուքաս Քուլիելմոյին Քասթիլոյի օրով։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2021, 13:58