հաւատոյ ժողովին գրասենեակը հաւատոյ ժողովին գրասենեակը 

Ֆրանչիսկոս Պապ հայր Արմանտօ Մաթէօ նշանակեց Հաւատոյ ժողովի ենթաքարտուղար

Քահանայապետական անուանում, հաւատոյ ժողովի ենթաքարտուղար հայր Արմանտօ Մաթէօ

Վազգէն Աբարդեան  - Վատիկան

Երկուշաբթի, 12 ապրիլին, ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, հաւատոյ ժողովին ենթաքարտուղար նշանակեցհայր Արմանտօ Մաթէոն, որ դասատու է քահանայապետական Ուրպանիա համալսարանի մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Հայր Արմատնօ Մաթէօ ծնած է Քաթանզարօ քաղաք 21 սեպտեմբեր 1970ին, Ան քահանայ ձեռնադրուած է 20 դեկտեմբեր 1997ին։ Իմաստասիրութիւն ուսանած է Յիսուսի սուրբ Սիրտ համասպրանին մէջ ապա աստուածաբանական ուսումները աւարտած է Գրիգորեան քահանայապետական համասպրանին մէջ։

2005-էն 2011 տարիներուն ծառայած է իր թեմէն ներս, ապա 2012ին անդամակցած է Իտալական կաթողիկէ ուսուցիչներուն ազգային հաստատութեան։

Հայր Մաթէօ այժմ Աստուածաբանութիւն կ՝ուսուցանէ Ուրպանիանա քահանյապապետական համալսարանէն ներս ու տնօրէնն  տարբեր աստուածաբանական պարբերաթերթերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2021, 14:22