Քոնկօ Քոնկօ 

«Չեղարկել Ափրիկեան երկիրներու պարտքը։» մարդկային համապարփակ զարգագումի ծառայութեան Վատիկանեան ժողովի ձեռնարկը։

Եթէ Ափրիկէն պարտքի մէջ է, ամբողջ աշխարհը պարտքով պիտի ապրի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Աղքատ երկիրներու օգնելու նպատակով, Վատիկանի մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան ժողովն ու Քովիտ 19ի համար Վատիկանեան յանձնախումբը ձեռնարկած են ծրագիր մը, որուն տիտղոսն է չեղարկել Ափրիկեան երկիրներու պարտքը արդարութեան հարց է ։

Ունկնդրէ լուրը

Յիշեալ Վատիկանեան ժողովին ու յանձնախումբի ձեռանարկը կազմակերպուած է համագործակցութեամբ Ափրիկէի եւ Մատակասքարի եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասին, եւ կաթողիկէ այլ կազմակերպութիւններուն։

Առաջնորդել, գործել աղքատներու եւ խոցելիներուն անունով։

Վերոյիշեալ ձեռնարկի մասին գումարուած ժողովին ընթացքին, Ափրիկէի Քարիթասի տնօրէն գերապայծառ Եուսթիս Եավ, խրախուսեց նայիլ, առաջնորդել եւ գործել աղքատներու եւ խոցելիներուն անունով։

«Տագնապի ժամանակաշրջանին կարելի է տեսնել Աստուծոյ արարքը՝ զօրակցութեան ներքեւ, այս մասին ըսաւ ՍԵՔԱՄ ընդհանուր քարտուղար Հայր Հանրի Աքապիամը, աւեցնելով որ կարելի չէ չգործել, որովհետեւ եթէ Ափրիկէն պարտքի մէջ  է, ամբողջ աշխարհը պարտքով պիտի ապրի։ եթէ Ափիրկէն լաւ ընթանայ ամբողջ աշխարհը պիտի բարելաւանայ։

Քովիտ 19ի համար Վատիկանեան յանձնախումբի անդամ, հայր Աուկուսթօ Զամփինին, յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքը որ է «ինչպէս կարելի է դուրս գալ այս տագնապէն աւելի լաւ կամ աւելի քէշ։» Ան յորդորեց միշտ յիշել որ համաճարակի տագնապը կղզիացած հարց չէ այլ փոխկապակցուած տագնապ մըն է կապուած այլ հարցերուն։ Ասոր համար չէ կարելի համաճարակի հարցերը լուծել, որ առողջապահական, ընկերային, քաղաքական հարց մըն է առանց ջնջելու պարտքը։

Բանակցիլ մեծ միջազգային ֆինանսական կազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ տեղական եւ ազգային պետութիւններու հետ՝ 

Մարդկայի համապարփակ զարգացման ծառայութեան ժողովին կառավարիչ, կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն իր խօսքին մէջ շեշտեց տիեզերական գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը՝ չեղարկելու Ափրիկեան երկիներու պարտքը ամեն տեղ։ Ան ապահովուեց Վատիկանեան ժողովի զօրակցութիւնը այդ ծրագիրին նկատել տալով, որ ծրագիրը կարելի է սկսիլ նայելով, դատելով ու գործելով , ու աշխատելով երկու ուղղութիւններուն վրայ, առաջինը բանակցիլ մեծ միջազգային ֆինասաականակազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ տեղական եւ ազգային պետութիւններու հետ՝ գործունէութեան յստակութիւնը երաշխաւորելու համար։

Կարդինալ Թուրքսոն նշեց նաեւ որ անհրաժեշտ կազմակերպել ստուգութեան եւ հսկումի համակարգ, որպէսզի ձեռնարկուած նիւթական աղբիւրները Ափրիկէի ի սպաս ուղարկուին հոն ուր կարիքը կայ, աճեցնելու եւ բարելաւելու համար անձերու եւ ժողովուրդներուն կեանքի պայմանները

Բոլորս կանչուած ենք մեր եղբայրներուն պահապաններ դառնալ

Հսկողութեան համարժէք համակարգով կարելի է ապահովուել, ձեռքբերուած գումարը՝ որ ծախսուի առողջութեան, կրթութեան խթանման համար, ու երաշխաւորելու համար մարդկային համապարփակ զարգացումը որուն իրաւունքը ունի այր մարդիկ ու կիներ ինչպէս միշտ յիշեցուցած է Ֆրանչիսկոս Պապ

Անձը, ինչպէս կ՝ուսուցանէ եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը ունի արժանապատւութիւն մը որ կարելի չէ փոխզիջման ենթարկել. ոչ մէկը կարող է ետ մնալ անարդարութեան պատճառաւ։ Բոլորս կանչուած ենք պահապաններ դառնալու մեր եղբայրներուն, սա է սիրտը մեր զօրակցութեան։ ըսաւ կարդինալ Թուրքսոն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2021, 10:31