Աշխարհին մէջ աճած է կաթողիկէներուն թիւը Աշխարհին մէջ աճած է կաթողիկէներուն թիւը  

Աշխարհին մէջ կաթողիկէներու թիւը հասաւ 1 միլիառ 345 միլիոնի։

2018 – 2019 տարեշրջանին՝ մկրտեալներուն թիւը հանդիսացաւ աշխարհի բնակչութեան 17.7 առ հարիւրը։ Նոյն ժամանակահատուածի ընթացքին արձանագրուեցաւ նաեւ կուսակրօն քահանաներու թիւի աճ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

2018-էն ի վեր աշխարհի մէջ կաթողիկէներու թիւը աճեցաւ 16 միլիոնով։  Այս ցուցանիշը կը բխի 2021 –ի Քահանայապետական ​​տարեգիրքէն և 2019  Եկեղեցական վիճակագրական տարեգիրքէն։  

Արդարեւ Կաթողիկէներու թիւը  2019-ի աւարտին հասաւ մէկ միլիառ 345 միլիոնի, աշխարհի բնակչութեան 17.7 առ հարիւրը։

2018-2019 տարեշրջանին  հայող  վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ Ափրիկէի մէջ կաթողիկէներու թիւը աճած է 3.4%, Ասիայի մէջ 1.3%, Ովկիանիայի մէջ 1.1% և Ամերիկայի մէջ 0.84%, մինչ Եւրոպայի մէջ կը նկատուի աննշան նուազում մը։

Գալով կղերական դասին 2019-ի աւարտին եպիսկոպոսներու թիւը 5.364 էր, որոնց 68.8 առ հարիւրը Ամերիկեան եւ Եւրոպական ցամաքամասերէն կու գան։ Քահանաներու թիւն ալ աճած է ու հասած 414.336 մինչդեռ նուացած են Քահանայութեան թեկնածուներու թիւը եւ 2018-ի 115.880էն 2019-ին անցած են 115.880-ի։ Ասոնց դիմաց սակայն մնայուն սարկաւագներու թիւը քաջալերական է տրուած ըլլալով, որ անոնց թիւը 2019 թուականին աճեցաւ 1.5 առ հարիւրով։

Կրօնաւորներուն թիւը 2018-ին 50.941 էր իսկ 2019 –ին 50.295 մինչ կրօնաւորուհիներուն թիւը 2018-ի  641.661, 2019-ին հասաւ 630.099։

Այս ծիրէն ներս Ափրիկեան ցամաքամասին մէջ արձանագրուած է 1.1 առ հարիւրով աճ իսկ միւս ցամաքամասերուն մէջ կրօնաւորուհիներուն թիւը նուազած է։ Ամերիկայի մէջ 160.032էն անցած է 154.717-ի, Եւրոպայի մէջ 224.246էն  անցած է 216.846-իեւ Ովկիանիայի մէջ 6.999էն` 6.718-ի։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2021, 08:00