«Համաճարակային ժամանակաշրջանին համապարփակ  զինաթափման առաջխաղացում» «Համաճարակային ժամանակաշրջանին համապարփակ զինաթափման առաջխաղացում»  

«Համաճարակային ժամանակաշրջանին համապարփակ զինաթափման առաջխաղացում» վերտառութեամբ ուղիղ եթերով ձեռնարկ։

Ձեռնարկին նպատակն է նաեւ միջազգային հասարակութեան եւ կրօնական ղեկավարներուն մատուցել շօշափելի կարելիութիւններ հետեւելու համար համապարփակ զինաթափումի ուղիին, առ ի պատասխան Քահանայապետին «Fratelli Tutti» շրջաբերականին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 23 մարտ 2021-ի կէսօրէն ետք ժամը 3-ին, Մարդկային համապարփակ զարգացումի ի սպաս ծառայութեան Գերատեսչութիւնը եւ Քովիտ19 Վատիկանեան յանձնախումբը, համագործակցութեամբ միջազգային քաղաքական ու մշակութային այլ հաստատութիւններուն կազմակերպած են «Համաճարակային ժամանակաշրջանին համապարփակ զինաթափման առաջխաղացում» վերտառութեամբ ուղիղ եթերով ձեռնարկ մը, որուն առթիւ եկեղեցական ներկայացուցիչներ եւ հետազօտողներ միասնաբար պիտի խորհրդածեն համընդհանուր զինադադար խթանելու ու զէնքերու արտադրումը ու անոնց տարածումը կասեցնելու ջանքերու մասին, աջակցութիւն յայտնելով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ու Ֆրանչիսկոս Պապին այդ ուղղութեամբ կատարած կոչերուն։

Ձեռնարկին նպատակն է նաեւ միջազգային հասարակութեան եւ կրօնական ղեկավարներուն մատուցել շօշափելի կարելիութիւններ հետեւելու համար համապարփակ զինաթափումի ուղիին, առ ի պատասխան Քահանայապետին «Fratelli Tutti» շրջաբերականին։

Երեք մասի բաժնուած հաւաք

Կազմակերպուած «webinar»ը պիտի կայանայ Անգլերէն լեզուով ու բաժնուած է երեք մասերու, որոնցմէ առաջինը նուիրուած է պաշտօնական ներկայացումներու, որուն առթիւ ելոյթ կ՛ունենան Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Մարդկային համապարփակ զարգացումի գերատեսչութեան կառավարիչ Կարդինալ Փիթըր Ափփիա Թուրքսըն եւ փրոֆ Տան Փլեշը, Լոնտոնի «SOAS» համալսարանի միջազգային հետազօտութիւններու և դիւանագիտութեան կենտրոնի տնօրէն:

Երկրորդ բաժնին մէջ պիտի քննարկուի «միջազգային օրէնսդրութիւնը եւ գործնական մեթոտները զինաթափման ձգտելու համար», որուն եզրափակիչ զեկոյցը պիտի ներկայացնէ ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդ գերապայծառ Իվան Եուրքովիչը։

Երրորդ բաժնին մէջ հուսկ շեշտը պիտի դրուի միջ-կրօնական եւ համամիութենական երկխօսութեան կարեւոր դերին վրայ, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Քիւրդ Քոխը, Միջ կրօնական երկխօսութեան Ք. Խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Միկել Աեուզօ Կիսոն, Քրիստոնեայ եւ այլ կրօններու պատկան ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ Մալթայի Ասպետական կարգի մօտ յատուկ պատուիրակ` Կարդինալ Սիլվանօ Մարիա Թոմազին։

Հաւաքին փակումը կը կատարէ Գերապայծառ Պրունօ Մարի Տիւֆֆէ` Մարդկային համապարփակ զարգացումի ի սպաս ծառայութեան գերատեսչութեան Քարտուղարը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2021, 15:48