Մերժել զէնքերու տարածման տրամաբանութիւնը։ Մերժել զէնքերու տարածման տրամաբանութիւնը։ 

Կարդինալ Փարոլին.«խթանել համապարփակ անվտանգութիւնը խաղաղութեան միջոցաւ ու մերժելով զէնքերու տարածման տրամաբանութիւնը։

Լոկ միասնական աշխատանքով պիտի կարենանք հասնիլ հարցերու լուծումներուն, որովհետեւ աշխարհի բոլոր վայերու բոլորը հարցերը փոխկապակցուած են։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Նախաձեռնութեամբ Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ ծառայութեան ժողովի եւ Քովիտ 19 Վատիկանեան յանձնախումբին համագործակցութեամբ Լոնտոնի   SOAS համալսարանի տեղի ունեցաւ առցանց ժողով «Համաճարակային ժամանակաշրջանի համապարփակ զինաթափման առաջխաղացում» նիւթով։

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական քարտուղար , կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով վերոնշեալ ժողովին, շեշտեց թէ անհրաժեշտ է զարգացնել համապարփակ անվտանգութիւնը խաղաղութեան միջոցաւ, մերժելով զէնքերու տարածման տրամաբանութիւնը։ 

Ծիրանաւորը ապա ակնարկելով համաճարակի մարտահրաւէրին նշեց ,որ համաճարակը հասկցուց, թէ ոչ մէկը կրնայ մինակը փրկուիլ, գաղափար մը, որ ֆրանչիսկոս Պան յաճախ կրկնեց նաեւ Իրաք կատարած այցելութեան ընթացքին։ Կարդինալ Փարոլին ապա ընդգծեց թէ, այպէս է նաեւ այն կացութիւնը, թէ ոչ մէկը կրնայ մեզ փրկել զէնքերու, պատնէշներուն բարձրացումով կամ դրամի ու սպառողականութեան միջոցաւ։

Կարդինալ Փարոլին յիշեց ֆրանչիսկոս Պապին յորդորը ուղղուած ազգերուն ղեկաւարներուն «զէնքի տարածումի աճը, թող տեղ տայ բոլորին համար սնունդի բաշխումին։ 

Ուժի օրէնքը չկրնար փոխարինել օրէնքի ուժին

Կարդինալ Փարոլին նկատել տուաւ որ  զարգացնել համապարփակ անվտանգութիւն, կը նշանակէ փոխարինել ատելութեան միջոցները, խաղաղութեան միջոցներով ,կը նշանակէ մերժել զէնքերու տարածումը ու ընդունիլ հասարակաց բարիքի զարգացումը ու աղքատութեան նուազումը։ Ծիրանաւոր ապա նշեց որ , մարդասիրական բազմաթիւ տագնապները՝ երկիր մոլորակի տարբեր շրջաններէն ներս, կարիքը ունին միասնական պատասխանի , որովհետեւ լոկ եթէ միասնաբար գործենք պիտի կրնանք հասնիլ հարցերուն լուծումներուն, որոնք բոլորը փոխկապակցուած են։

Կարդինալ Փարոլին յիշեց նաեւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար, Կութերեսին կոչը արտասանած մէկ տարին առաջ, «ամբողջ աշխարհի մէջ դադրեցնել զէնքերու կրակոցը։ Ծիրանաւորը յիշեց նեաւ ֆրանչիսկոս Պապին կոչը որ է «ամրապնդել եղբայրական կապերը իբրեւ մէկ մարդդկային ընտանիքի անդամները, որովհետեւ պատերազմները չէ կարելի լուծել պատերազմներով։ Պէտք է յաղթահարել հակառակութիւններն, ու պատերազմները երկխօսութեան եւ խաղաղութեան միջոցաւ։  Այս բոլորը անհրաժեշտ է կատարել հիմնուած յարգանքի,, երկխօսութեան եւ անվտանգութեան վրայ ըսաւ կարդինալ Փարոլին աւելցնելով որ օրէնքի ուժը չէ կարելի փոխել ուժի օրէնքով , որովհետեւ, փոխադարձ կործանումն ու ջնջումը անվտանգութեան ազգային եւ միջազգային հարցերու կարճատես մօտեցումներն են ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2021, 16:20