Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր

Գերապայծառ Կալլակէր «Քրէական արդարադատութիւնը սոսկ պատիժ չէ այլ հատուցում եւ հաշտեցում։»

«Ճշմարիտ արդարադատութիւնը չի բաւարարուիր պարզապէս մեղաւորները պատժելով, պէտք է առաջ երթալ և հնարաւոր ամեն ինչ կատարել մարդ արարծը ուղղելու, բարելաւելու և կրթելու համար »:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Սուրբ Աթոռը համոզուած է, որ օրէնքի գերակայութիւնը, յանցագործութիւններու կանխարգիլումը եւ քրէական արդարադատութիւնը պէտք են զուգահեռ ընթանան։» Այսպէս արտայայտուած է Սուրբ Աթոռի պետութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար գերապայծառ Ռիչարտ Կալլակեր, յանցագործութիւններու կանխարգիլում եւ քրէական արդարադատութեան վերաբերեալ Միացեալ Ազգերու կողմէ գումարուած 14-րդ համագումարին, որ տեղի կ՝ունենայ Ճափոնի Քեոթօ քաղաքին մէջ 7էն 9 մարտին։

Ունկնդրէ լուրը

Համագումարի մասնակիցներուն  յղած պատկերասփռուած պատգամին մէջ գերապայծառ Կալլակեր նշեց որ օրէնքի գերակայութեան իրականացումը կարեւոր է մարդկային համապարփակ իսկական զարգացման հասնելու համար, եւ  ասոր համար ան կարիքը ունի ոչ միայն ոստիկանութեան իշխանութեան կարիքներուն, նաեւ ընդհանուր ընկերութեան պարտականութեան։

Անհաւասարութիւնները, կաշառակերութիւնները ու համաճարակը կը սնուցանեն յանցագործութիւնները

Գերապայծառ Կալլակեր յայտնեց որ յանցագործութիւնը կը սնանի տնտեսական եւ ընկերային անհաւասարութիւնները, կաշառակերութիւնը պատճառելով զոհեր նամանաւանդ խոցելիներուն միջեւ։ 

Ան շեշտեց նաեւ այն ճշմարտութիւնը,  որ իսկական արդարադատութիւնը  չի բաւարարուիր պարզապէս մեղաւորները պատժելով, այլ  անհրաժեշտ  է յառաջ ընթանալ, եւ հնարաւոր ամէն բան կատարել մարդը առաջնորդելու,  բարելաւելու եւ կրթելու համար։

Կանխարգիլումի սկզբունքը եւ մարդու ի նպաստ։

Գերապայծառ Կալլակեր շեշտեց, որ  քրէական իրաւունքի համակարգերը պէտք են կիրարկել առաջին նախազգուշացումի սկզբունքը, խուսաբելու համար մարդու հիմնարար իրաւունքներուն եւ ազատութիւններու ցանկացած ներխուժումէն, երկրորդ մարդու ի սպաս սկզբունքը, նպատակաուղղուած միշտ պաշտպանելու մարդկային անձի արժանապատւութիւնը։ 

Լոկ այս երկու սկզբունքներուն կիրարկումով, կարելի է հասնիլ վերականգնող քրէական արդարադատութեան։ ըսաւ Գերապայծ Կալլակեր։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2021, 09:22