Սուրբ Պետրոսի տաճարը Սուրբ Պետրոսի տաճարը 

«Երկրի ժամ 2021» միջազգային միջոցառումին Սուրբ Պետրոսի տաճարի լոյսերը պիտի մարուին մէկ ժամ։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը հաստատեց թէ Սուրբ Աթոռը կը մասնակցի շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան կազմակերպութեան երկիր ժամ 2021 միջոցառումին, մարելով սուրբ Պետրոսի տաճարի ու գմբէթին լոյսերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 27 մարտին, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան համաշխարհային կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կը նշուի երկրի ժամը միջազգային միջոցառումը որուն ծիրէն ներս համայնքներէն,կազմակերպութիւններէն կը խնդրուի որ իրենց ոչ հիմնարար ելեկտրական լոյսերն ու արքերը մարեն մէկ ժամով ՝ երեկոյեան ժամը։ Սոյն միջոցառումին նպատակն է մարդկութեան ուշադրութեան հրաւիրել կլիմային փոփոխութիւն եւ քաջալերել ելեկտրական սարքերու խելամիտ օգտագործումը նուազեցնելու համար լուսային աղտոտումը ։

Յայտնենք, այսօր 27 մատին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն հաստատեց թէ Սուրբ Աթոռը կը մասնակցի շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան կազմակերպութեան երկիր ժամ 2021 միջոցառումին, մարելով սուրբ Պետրոսի տաճարի ու գմբէթին ինչպէս նաեւ հրապարակին սիւներու լոյսերը, երեկոյեան ժամը 8:30 էն մինչեւ 9.30։ Կարգ մը լոյսեր վառած պիտի մնան անվտանգութեան համար նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2021, 14:36