Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ

Մարդկային եղբայրութեան բարձրագոյն կոմիտէի յայտարարութիւնը ֆրանչիսկոս Պապին Իրաքի տուած այցելութեան վերաբերեալ։

Մարդկային եղբայրութեան բարձրագոյն կոմիտէն հրապարակեց յայտարարութիւն որուն մէջ բարձր գնահատեց Ֆրանչիսկոս Պապի Իրաք կատարած այցելութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մարդկային եղբայրութեան բարձրագոյն կոմիտէն հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ բարձր գնահատեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին Իրաք կատարած այցելութիւնը, նկատելով զայն աշխարհի ի սպաս կարեւոր պահ մը եւ ճշմարիտ զարգացում մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին մէջ արձանագրուած արժէքներուն ։ 

Ունկնդրէ լուրը

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Ճամբորդութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Իրաքի տարբեր քաղաքներ, որոնց շարքին Պաղտատ, Նաճաֆ, Էրպիլ եւ Մոսուլը։ Նորին Սրբութիւնը մասնակցեցաւ նաեւ միջկրօնական երկխօսութեան հանդիպումի մը Ուր քաղաքին մէջ։ Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց մարդկային եղբայրութեան զարգացման կարեւորութիւնը ու հաւատացեալները հրաւիրեց վերականգնելու մարդկային եղբայրութեան արժէքները։ 

Բարձրագոյն կոմիտէի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է , Կարդինալ Այուզօ Կիսոն, միջ կրօնական երկխօսութեան քահանայապապետական խորհուրդի նախագահը եւ մարդկային եղբայրութեան բարձրագոյն կոմիտէի անդամը, որ ընկերացաւ ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք այցելութեան, հաստատեց թէ ֆրանչիսկոս Պապին նպատակն է զարգացնել մշակութային երկխօսութիւն ինչպէս նաեւ  մերձեցման ու ներառման մշակոյթը, որպէսզի ընկերութեան բոլոր անդամները կարենան համտեսել խաղաղութիւնը՝ կեանքի մէջ անկախ անոնց մշակութային, կրօնական եւ ցեղային պատկանելիութենէն։

Ալ Ազհար համալսարանի նախագահ ու Մարդկային եղբայրութեան բարձրագոյն կոմիտէի անդամ,  Փրոֆ Մուհամետ Ալ Մաշրավի, իր կարգին հաստատեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը բուժումը  եղաւ Իրաքի ժողովուրդին վէրքերուն, պատերազմի ու քանդումի երկար տարիներ ետք։

Ապաու Տապի, զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի բաժանմունքի նախագահ եւ մարդկային եղբայրութեան բարձրագոյն կոմիտէ անդամ, տիար Մուհամետ Խալիֆա Ալ Մուպարաք, բարձր գնահատեց  Իրաքի մէջ Պապին այցելութիւնը ընդգծելով թէ այդ այցելութիւնը կիրարկումն է  եղբայրութեան փաստաթուղթին արժէքներուն։

Մինչ՝ մարդկային եղբայրութեան բարձրագոյն կոմիտէի քարտուղար, դատաւոր Մուհամէ Ապտելսալամ, ընդգծեց որ Ֆրանչիսկոս Պապին իրաքի պատմական այցելութիւնը լուսարձակի տար առաւ Իրաքի եւ տարածաշրջանի մէջ կրօնական եւ մշակութային տարբերութիւնը, փոխանցեց նաեւ զօրաւոր պատգամ մը որ է  համայն աշխարհը  պէտք է զօրակցի պատերազմի զոհերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2021, 10:50