Քառասնորդացի մտածականները Վատիկանի մէջ Քառասնորդացի մտածականները Վատիկանի մէջ 

Քառասնորդացի մտածականները Վատիկանի մէջ. Չորրորդ ու վերջին նիստ. «Դուք ո՞վ կ՛ըսէք որ ես եմ»

Յիսուս Յարութիւնը առնելով չի վերադարձաւ առաջուայ կեանքին, այնպէսս ինչպէս պատահեցաւ Ղազարոսին, այլ ունեցաւ աւելի լաւ կեանք մը, զերծ որեւէ փորձանքէ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Ուրբաթ 26 մարտ 2021-ի առաւօտեան Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Քահանայապետը իր մասնակցութիւնը բերաւ, Քահանայապետական Տան Քարոզիչ Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսային քառասնորդացի առթիւ ներկայացուցած մտածականներուն, որուն այս տարուայ նիւթն է «Դուք ո՞վ կ՛ըսէք որ ես եմ»։ Այսօր ներկայացուած խորհրդածութիւնը եղաւ չորրորդն ու վերջինը, որուն ընթացքին Կարդինալ Քանթալամեսսան շեշտը դրաւ Յիսուսի բնութեան վրայ, որպէս մարդ եւ Աստուած։

Համաճարկէն դուրս գալ աւելի լաւ

«Մէկ շաբաթէն Աւագ Ուրբաթ օր է եւ անմիջապէս ետք Յարութեան կիրակին է» ըսաւ Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսան քարոզի աւարտին։ «Յիսուս Յարութիւնը առնելով չի վերադարձաւ առաջուայ կեանքին, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Ղազարոսին, այլ ունեցաւ աւելի լաւ կեանք մը, զերծ որեւէ փորձանքէ» աւելցուց Քահանայապետական Տան քարոզիչը մաղթանք յայտնելով, որ այս մէկը պատահի նաեւ մեզի եւ «այն գերեզմանէն որուն մէջ համաճարակը մեզ մէկ տարի փակ պահեց, աշխարհը կարենայ դուրս գալ աւելի լաւ, - ինչպէս կը կրկնէ յաճախ Սրբազան Քահանայապետը – աւելի լաւ ոչ թէ առաջուայ պէս» շեշտեց Կարդինալ Քանթալամեսսան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2021, 11:00