«Դպրոցի քոյրեր» միաբանութեան հիմնադրութեան 150 ամեակը։ «Դպրոցի քոյրեր» միաբանութեան հիմնադրութեան 150 ամեակը։ 

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին «Vita Consecrata» առաքելական յորդորագիրին 25-րդ ամեակը ։

Կարիդնալ Տէ Աւիզ պատգամին մէջ հրաւիրած է կրօնաւորներն ու կրօնաւորուհիները բոլորին մէջ արթնցնել յոյսի իմաստը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Տիեզերական Կաթողիկէ եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին Vita Consecrata կրօնական կեանք առաքելական յորդորագիրին 25-րդ ամեակը՝ հրապարակուած 25 մարտ 1966ին։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ քահանայապետական կրօնական կեանքի հաստատութիւններուն, առաքելական կեանք ըներակցութիւններու կառավարիչ, կարդինալ Խուաօ Պրազ Տէ Աւիզ պատգամ մը յղեց, որուն մէջ կրօնաւորներն ու կրօնաւորուհիներն հրաւիրեց շարունակել գեղեցկութեան վկաները դառնալ, ուրիշներու մէջ արթնցնելով հրապոյրը գեղեցկութեան եւ ճշմարտութեան, որոնք շարքին նախ եւ առաջ Աստուծոյ դիմագիծը։

Կարիդնալ Տէ Աւիզ պատգամին մէջ հրաւիրած է կրօնաւորներն ու կրօնաւորուհիները բոլորին մէջ արթնցնել յոյսի իմաստը, նամանաւանդ ժամանակից ողբերգական ժամանակաշրջանին մէջ, ողբերգական ոչ միայն համաճարակի պատճառաւ ,այլ յատկապէս այն հետեւանքներու համար, որոնք կը դպչին քաղաքացիական եւ եկեղեցական առօրեայ կեանքի դէպքերուն վրայ։

Ինքնութիւն եւ Երրորդութիւն

Կարդինալ Խուաօ Պրազ պատգամին մէջ նշած է, որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս շրջաբերականը գրած  է որպէս պտուղ 1994ին գումարուած եպիսկոպոսներու 9-րդ համագումարին, որ տեղի ունեցած է ընկերութեան դժուար պայմաններու մէջ։

Շրջաբերականը նուիրուած է կրօնաւորական կեանքի ինքնութեան վրայ, որ հիմնուած է Երրորդութեան հետ յարաբերութեան վրայ, որովհետեւ կերպարանափոխուած Քրիստոսի պատկերն է ,որ կը յայտնէ Հօր Փառքն ու ուրախութիւնը լուսաւոր հոգիին շքեղութեան մէջ։

Կրօնաւորը կանչուած է գեղեցկութեան վկան դառնալու։ Եթէ Աստուած գեղեցիկ է եւ Յիսուս ամենէն շատ գեղեցիկն է մարդու որդիներու միջեւ, գրած է կարդինալ Ավիզ ուրեմն, կրօնաւորական կեանքը գեղեցկութիւն է։Շքեղ է նաեւ նուիրուած խօսքին վկայութիւնը, որովհետեւ գեղեցիկ է դիմագիծը անոր որուն մասին կը հռչակենք։

Գեղեցիկ է ծէսն ու տաճարը որուն բոլորը հրաւիրուած են, որովհետեւ գեղեցիկ է աղօթել եւ երգել բարձրացնել բարձրեալի փառքին համար։ Գեղեցիկ է ունենալ ազատ սիրտ մը ընկալելու համար տառապողին սիրտը, յայտնելով Յաւիտենականութեան կարեկցութիւնը։ գրած է պատգամին մէջ Կարդինալ Ավիզ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2021, 10:43