Կարդինալ Փարոլին Քամերունի մէջ Կարդինալ Փարոլին Քամերունի մէջ 

Կարդինալ Փարոլին այցելեց Քամերուն։ «Հաւատքը աւելի մեծ է քան սպառնալիքները»։

Քաղաքական դժուար պայմաններուն եւ ընդդիմադիրներու կողմէ պարտադրուած դժուարութիւններուն հանդերձ, կիրակի 31 յունուարին, հազարաւոր հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան Կարդինալ Փիեթրo Փարոլինի նախագահած սուրբ պատարագին, ՍուրբՅովսէփի անուան եկեղեցիէն ներս ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին այցելեց Քամերուն։ 2016 թուականէն ի վեր առաջին օտար իշխանութիւն մը կը հանդիպի Քամերունի հիւսիս արելեւք տարածաշրջանի մէջ 2016 թուականէն ի վեր տարիներ շարունակ տառապող ժողովուրդին հետ։ Այս մասին յայտնեց Քամերունի Մամենտա թեմի արքեպիսկոպոս, Գերապայծառ Անտրէ Նքէա Ֆուանա։

Ունկնդրէ լուրը

Քաղաքական դժուար պայմաններուն եւ ընդդիմադիրներու կողմէ պարտադրուած դժուարութիւններուն հանդերձ, կիրակի 31 յունուարին, հազարաւոր հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան Կարդինալ Փիեթօր Փարոլինի նախագահած սուրբ պատարագին, Սուրբ Յովսէփի անուան եկեղեցիէն ներս ։

«Երջանիկ ենք, որովհետեւ այս տագնապալից օրերուն, քեզ կը տեսնենք որպէս խաղաղութեան բանբեր, համերաշխութեան դեսպան» այսպէս արտայայտուեցաւ Նքէայի թեմի արքեպիսկոպոսը աւելցնելով որ «Վատիկանի պետական քարտուղարի մէջ կը տեսնենք ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութիւնը, որ մխիթարութեան եւ յոյսի նշան է ։ »

Յայտենք թէ Վատիկանի Պետական քարտուղարի Քամերուն այցելութիւնը կազմակերպած է Քամերունի մէջ Պապական նուիրակ գերապայծառ Ճուլիօ Մուրաթ ու անոր համագործակիցները։

«Վատիկանի Պետական քարտուղարի ներկայութիւնը Պամենտա քաղաքի մէջ առիթ է նպաստելու խաղաութեան , արդարութեան եւ համերաշխութեան կերտման»։ նշած է Նքէայի թեմի արքեպիսկոպոսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2021, 10:17