Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Կիւրեղ Պատրիարք Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Կիւրեղ Պատրիարք 

Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքին միջեւ պատմական հանդիպումի 5-րդ տարեդարձը։

«Եկեղեցի եւ համաճարակ. մարտահրաւէրներ եւ հեռանակարներ» նիւթով առցանց դասախօսութիւն, կազմակերպուած քահանայապետական քրիստոնեաներու միութեան խթանման խորհուրդի եւ Ռուսիոյ Պատրիարքութեան եկեղեցական արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի կողմէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ,12 փետրուարին, կը նշուի ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ռուսիոյ Կիւրեղ պատրիարքին միջեւ Հաւանայի մէջ կայացած պատմական հանդիպումին 5-րդ տարեդարձը։ Ֆրանչիսկոս Պապ, Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքին հետ հանդիպեցաւ դէպի Մեքսիքօ կատարած առաքելական 12-րդ ճամբորդութեան ընթացքին։

Սոյն 5-րդ տարեդարձին առիթով, Քահանայապետական քրիստոնեաներու միութեան խթանման խորհուրդը եւ Մոսկուայի Պատրիարքութեան եկեղեցական արտաքինն յարաբերութիւններու  բաժանմունքը կազմակերպած են միասնական առցանց դասախօսութիւն, ունենալով որպէս տիտղոս Եկեղեցի եւ համաճարակ. Մարտահրաւէրներ եւ հեռանկարներ։

Դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ առցանց փետրուար 12ին, առաւօտեան ժամը 10.ին որուն կարելի է հետեւիլ հետեւեալ կայքին միջոցաւ http://www.christianunity.va/content/unitacristiani/it/news/2021/2021-02-09-fifth-anniversary-pope-francis-and-patriarch-kirill.html

Առցանց դասախօսութեան ելոյթ պիտի ունենան  Կարդինալ Քուրտ Քոխն, եւ Մեթրոպոլիտի Հիլարիոն Տի Վոլոքոլամսքին։

Նշենք թէ,  2016 թուականէն սկսեալ ամէն տարի եւ տարբեր վայրերու մէջ միշտ յիշատակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Կիւրեղ Պատրիարքին միջեւ Հաւանայի մէջ կայացած հանդիպումի տարեդարձը, կազմակերպութեամբ Վատիկանի եւ Մոսկուային պատրիարքութեան անդամներուն։ 2017ին, նշուեցաւ Զուիցերիոյ Ֆրիպուրկ քաղաքին մէջ, 2018ին Վիեննայի մէջ, որուն կեդրոնական նիւթը եղաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները, 2019ին, նշուեցաւ Ռուսիոյ մէջ, ունենալով որպէս նիւթ կեանքի աւատի  հարցը, մինչ 2020ին նշուեցաւ Հռոմի Սուրբ Թովմասն Աքուինացիի քահանայապետական համալսարանին մէջ, որուն նիւթը եղաւ Սուրբեր, նշաններ եւ սերմեր միութեան։

Յայտնենք, թէ ֆրանչիսկոս Պապն եւ Ռուսիոյ կիւրեղ պատրիարքը Հաւանայի միջազգային օդակայանին մէջ ստորագրեցին միասնական յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հաստատեցին Կաթողիկէներու եւ Օրթոտոքսներու, ժամանակից աշխարհի մարտահրաւէրներուն պատասխանելու  յանձնառութիւնը։  

Միասնական յայտարարութեան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Եւ Կիւրեղ Պատրիարքը կոչ ըրին վերջ դնելու Սուրիոյ, Իրաքի եւ Ուքրանիոյ մէջ  քրիստոնեաներու դէմ հալածանքները, ապա յորդորեցին միջ կատարել  կրօնական հանդիպուներով, հրաւիրելով Եւրոպան, որ միշտ հաւատարիմ մնայ իր Քրիստոնէական արմատներուն։

Վերջապէս միասնական յայտարարութեան մէջ հրաւէր ուղղեցին  նաեւ անտարբեր չմնալու միլիոնաւոր գաղթականներու դիմաց, որոնք յաճախ կը բախեն հարուստ երկիրներու դռները։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2021, 07:33