Վատիկանի Թանգարանները Վատիկանի Թանգարանները 

Վատիկանի Թանգարանները մէկ փետրուարէն սկսեալ կը վերաբանան դռները։

88 օրեր փակումէ ետք երկուշաբթի մէկ փետրուարէն սկսեալ վերջապէս կարելի պիտի ըլլայ դառնալ եւ այցելել Վատիկանի թանգարանները
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Համաճարակի տարածման կանխարգիլման ուղղութեամբ որդեգրուած որոշումներու բերումով 88 օրեր փակումէ ետք երկուշաբթի մէկ փետրուարէն սկսեալ վերջապէս կարելի պիտի ըլլայ դառնալ եւ այցելել Վատիկանի թանգարանները, ամէն օր՝ երկուշաբթիէն մինչեւ շաբաթ, ժամը 8.30էն մինչեւ 18.30.  Ամրագրումները պարտադիր են և կարող են կատարուիլ Վատիկանի թանգարաններու կայքի միջոցաւ «Musei Vaticani»։ Լուրը կը կարդանք Վատիկանի Թանգարաններու «Instagram»ի կայքին վրայ։

Արդարեւ անցեալ 14 Յունուարին Թանգարաններու տնօրէնուհի՝ Տիկ Պարպարա Եաթթա յայտնած էր, թէ իրենց դիտաւորութիւնն էր թանգարաններու դռները վերաբանալ մէկ փետրուարին, «թէեւ  այս մէկը կախուած էր առողջապահական իրավիճակէն» դիտել տուած էր Ան հաստատելով նաեւ, որ «Եօթը քմ երկարութիւն ունեցող Վատիկանի Թանգարաններու ընթացքը, ի տես նաեւ այցելուներու փոքր թիւին, առողջապահական վտանգ կամ վարակումի առիթ մը չեն ներկայացներ եւ ասոր համար լաւ պիտի ըլլայ հանրութեան առջեւ վերաբանալ մեր դռները»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2021, 09:00