Պարիի մէջ միջ-եկեղեցական հանդիպում (2018) Պարիի մէջ միջ-եկեղեցական հանդիպում (2018) 

«Եպիսկոպոսը եւ քրիստոնեաներու միութիւնը» Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համամիութենական յանձնառումի մասին փաստաթուղթը։

Փաստաթուղթը կազմուած է երկու բաժիններէ առաջինը «Համամիութեան խթանումը Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ» իսկ երկրորդը՝ «Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւնը միւս քրիստոնեաներուն հետ», ուր կը քննարկուին կաթողիկէ եկեղեցւոյ չորս ուղղութիւնները որով յանձնառու է միւս քրիստոնեայ հասարակութիւններուն հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 4 դեկտեմբեր 2020-ին Քրիստոնեաներու Միութեան խթանման Քահանայապետական Խորհուրդը հրապարակեց «Եպիսկոպոսը եւ քրիստոնեաներու միութիւնը. Համամիութենական ուղեգիծ» վերտառութեամբ փաստաթուղթ մը հայող Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համամիութենական յանձնառումին։

Այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ վերոնշեալ փաստաթուղթը պատասխան է Քահանայապետական վերոնշեալ Խորհուրդի անդամներու խնդրանքին ուղեցոյց մը տրամադրելու՝ օգնելու համար կաթողիկէ եպիսկոպոսները իրենց քրիստոնեաներու միութեան խթանման ծառայութեան մէջ։

Փաստաթուղթին հրապարակումը կը զուգադիպի՝ 1960ին Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի կողմէ  Քրիստոնեաներու Միութեան խթանման Քահանայապետական Խորհուրդի հաստատման 60 ամեակին։

Փաստաթուղթը կազմուած է երկու բաժիններէ առաջինը «Համամիութեան խթանումը Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ» իսկ երկրորդը՝ «Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւնը միւս քրիստոնեաներուն հետ», ուր կը քննարկուին կաթողիկէ եկեղեցւոյ չորս ուղղութիւնները, որով յանձնառու է միւս քրիստոնեայ հասարակութիւններուն հետ։

Հոգեւոր Համամիութիւնը, ուր նշուած են ձեւերը որով Եպիսկոպոսները կարող են հաւատացեալ ժողովուրդը առաջնորդել աղօթքի, ապաշխարութեան եւ սրբութեան մէջ ի սպաս քրիստոնեաներու միութեան, ուր յատուկ տեղ կը գրաւեն Սուրբ Գիրքը, յիշողութեան բիւրեղացումը եւ արեան համամիութիւնը։

Բարեսիրութեան երկխօսութիւնը ուր կը շեշտուի  հանդիպումի մշակոյթին կարեւորութիւնը։

Ճշմարտութեան երկխօսութիւնը, որ կը հայի Աստուծոյ ճշմարտութեան որոնումին, որ իր հիմքը կը գտնէ աստուածաբանական համամիութենական երկխօսութեան մէջ։

Կեանքի երկխօսութիւնը, որ կը նախատեսէ այլ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն հետ փոխադարձ համագործակցութիւնը, ըլլայ Հովուական գետնի վրայ, ըլլայ աշխարհին ընծայուած վկայութեան մէջ, ըլլայ մշակութային ասպարէզէն ներս։

Վերոնշեալ ուղեցոյցը հիմնուած է Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովին համամիութեան մասին հրապարակուած «Unitatis redintegratio» փաստաթուղթի, համամիութեան մասին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ «Ut unum sint» շրջաբերականի, եւ Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդի այլ երկու փաստաթղթերու վրայ։

Ամէն մէկ բաժնի աւարտին կան «գործնական առաջարկութիւններ» ու ցանկ մը, որ հակիրճ կերպով կը ներկայացնեն պարտականութիւնները եւ ձեռնարկները զոր կարելի է իրագործել համամիութեան խթանումին ուղղութեամբ։

Ուղեցոյցի ներկայացումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ 4 դեկտեմբերի առաւօտեան  ժամը 11.30ին առցանց կապով, որուն առթիւ ելոյթ ունեցան Կարդինալ Քիւրտ Քոխը, Քրիստոնեաներու միութեան խթանումին Քահանայապետական խորհուրդին նախագահը, Կարդինալ Մարք Ուելլէ՝ եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը, Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչը եւ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2020, 11:45