Կարդինալ Սանտրի Կարդինալ Սանտրի 

Համաճարակի օրերուն Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի աջակցութիւնը դժուարութեան մէջ գտնուող եկեղեցիներուն

«Հակառակ տնտեսական անորոշ իրավիճակին երբեք պակաս չեղան վեհանձն նուիրատուութիւնները ու յատկապէս այն մարդոց կողմէ, որոնք թէեւ մեծ միջոցներու տէր չեն բայց չի զլացան օգնութիւն մատուցելու՝ աւելի աղքատ եղբայրներուն» յայտնեց ի մէջ այլոց Կարդինալ Սանտրի
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

21 դեկտեմբեր 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի եւ ՌՈԱՔՕ-ի թղթածրարը՝ հայող սոյն կառոյցներու կողմէ ձեռնարկուած բարեգործութեան արտակարգ ծրագիրներուն դիմագրաւելու համար Քովիտ-19 ժահրի յառաջացուցած ճգնաժամը։

«Յոյսի նշան մը այսպիսի սարսափելի պահի մը ընթացքին» ըսաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, ուր մատնանշեց որ փաստաթուղթին մէջ ներառուած են 9.574.907,74 Եւրօ արժողութեամբ ծրագիրներ սահմանուած Հայաստանի, Պիելոռուսիոյ, Պուլկարիայի, Եգիպտոսի, Էրիթրէայի, Եթովպիայի, Վրաստանի, Յունաստանի, Սուրբ Երկրի, Հնդկաստանի, Իրաքի, Իրանի, Ղազախստանի, Լիբանանի, Մակեդոնիայի, Լեհաստանի, Ռումանիայի, Սարայեվոյի, Սուրիայի, Թուրքիայի եւ Ուկրանիոյ եկեղեցիներուն։

Արեւելեան Ժողովը ընդառաջած էր Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրին՝ մինակ չի թողելու տառապողները, ու անոնց մէջ ամենաաղքատները,  որոնք կը դիմագրաւեն Քովիտ 19 ժահրի համաճարակի համաշխարհային տագնապը, ստեղծով Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի «Արտակարգ իրավիճակներու հիմնադրամը», համագործակցութեամբ Cnewa-ի (Մերձաւոր Կաթողիկէ Արեւելքի բարեկեցութեան ընկերակցութիւն» եւ  Pmp-ի (Պաղեստինի համար Քահանայապետական առաքելութիւն), որոնք ՌՈԱՔՕ-ի հետ միասին երաշխաւորեցին զանազան ծրագիրներու իրականացումը։

«Հակառակ տնտեսական անորոշ իրավիճակին երբեք պակաս չեղան վեհանձն նուիրատուութիւնները ու յատկապէս այն մարդոց կողմէ, որոնք թէեւ մեծ միջոցներու տէր չեն բայց չի զլացան օգնութիւն մատուցելու՝  աւելի աղքատ եղբայրներուն» յայտնեց  ի մէջ այլոց Կարդինալ Սանտրի ակնարկելով նաեւ Եկեղեցական այլ ու տարբեր բարեսիրական հաստատութիւններուն Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելիքն ի սպաս կատարած ներդրումներուն, որոնց շարքին նաեւ Իրաքը, ի պատրաստութիւն նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին յառաջիկայ 5-8 Մարտ 2021-ին Երկիր կատարելիք առաքելական այցելութեան։

«Մաղթանքս է, որ այս ըլլայ խաղաղութեան, եղբայրութեան եւ յոյսի այց մը» ըսաւ Կարդինալ Սանտրի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/12/2020, 14:02