Կարդինալներու. խորհուրդը Կարդինալներու. խորհուրդը 

Քահանայապետի խորհրդատու կարդինալներու խորհուրդին հերթական նիստը։

Կարդինալներուն խորհուրդի ժողովին, Տումուս Սանթա Մարթա տունէն առցանց միացած է նաեւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, որ երեքշաբթի, 1 դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ կարդինալներու խորհուրդի նախատեսուած ժողովը։ Այս անգամ եւս ժողովը գումարուեցաւ առցանց, առողջապահական կացութեան պատճառաւ, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Ժողովին առցանց միացած են Օսքար Ա Ռոտրիկէզ Մարատիակա, Ռէնհարտ Մարքս, Սին Փաթրիք Օ Մալի, Օսվալտ Կրասիաս, Ֆրտիլին Ամպոնկօ Պէսունկու ծիրանաւորները։

Մինչ՝ Վատիկանէն ժողովին առցանց միացած են Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, կարդինալ Ժուզէփէ Պերթելօ եւ կարդինալներու խորհուրդի քարտուղար Գերապայծառ Մարքօ Մելլինօ։ 

Կարդինալներու խորհուրդի ժողովին, Տումուս Սանթա Մարթա տունէն առցանց միացած է նաեւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Նորին Սրբութեան ողջոյնի խօսքէն ետք, ժողովի մասնակիցներուն ներկայացուած է կարդինալներուն խորհուրդի նոր անդամ, կարդինալ Ամպոնկօ Պեսունկու, Քինշաս թեմի արքեպիսկոպոսը, ներկայացուած է նաեւ կարգ մը նպաստները եկեղեցւոյ կեանքին ի նպաստ կարգ մը ցամաքամասերու մէջ, յատուկէն ներկայ առողջապահական կացութեան մէջ։

Կարդինալներու խորհուրդի քարտուղարը ամփոփած է Առաքելական սահմանադրութեան փաստաթուղթի մշակման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը, մինչ ուսումնասիրութեան մէջ են վերջին ամիսներուն տարբեր ժողովներու կողմէ ներկայացուած առաջարկներն, դիտարկումները։ Յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի 2021 թուականին, Փետրուար ամսոյն վերջաւորութեան։ նշուած է Սուրբ Աթոռի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2020, 09:38