Կարդինալ Զենարի եւ Ֆրանչիսկոս Պապը Կարդինալ Զենարի եւ Ֆրանչիսկոս Պապը 

«Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ Ծնունդը յատկանշուած է աղքատութեան ողբերգութեամբ».Կարդինալ Զենարի։

Նկատի առնելով՝ որ Բեթղեհէմ կը նշանակէ «հացի տուն», մաղթանքս է որ հացը երաշխաւորուի բոլորին, բոլոր տուներուն մէջ ու բոլոր ընտանիքներուն համար»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 10 դեկտեմբերին կայացած Իրաքեան եւ Սուրիական մարդասիրական ճգնաժամին հայող հաւաքին, իր մասնակցութիւնը բերաւ ի մէջ այլոց Սուրիոյ մօտ առաքելական Նուիրակը Կարդինալ Մարիօ Զենարին, որ Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ընդգծեց զօրակցութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներուն ապրած դժուարութիւնները եւ յոյսին դուռը միշտ բաց պահելու անհրաժեշտութիւնը։

Ծիրանաւորը նկարագրեց Սուրիոյ բնակչութեան ապրած ծանր իրավիճակը։ Արդարեւ ՄԱԿ-ի տուեալներուն համաձայն բնակչութեան 83 առ հարիւրը կ՛ապրի աղքատութեան շեմին տակ, շինարարութեան աշխատանքները տակաւին չեն սկսած եւ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները ծանրապէս կը կշռեն իրավիճակին վրայ, ուր կայ նաեւ հազարաւոր գաղթական ընտանիքներուն հարցը։

«Այս բոլորի դիմաց կարծես յոյսը մեռնելու եզրին է» ըսաւ Կարդինալ Զենարի մատնանշելով նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին քրիստոնեաներու տունդարձի ուղիով ուղղած կոչին, վերոնշեալ հաւաքի առթիւ իր ուղղած պատգամին մէջ։

Ծիրանաւորը մէջբերեց ապա  Քահանայապետին խօսքերը. «Միջին Արեւելքը առանց քրիստոնեաներու Միջին Արեւելք ըլլալէ կը դադրի» հաստատելով որ «Քրիստոնեաները արդարեւ մեծապէս սատարեցին իրենց ծննդավայր երկիրներու զարգացումին եւ այսօր աւելի քան երբեք անոնց ներկայութիւնը անհրաժեշտ է»։

«Բոլորն ալ տառապեցան այս հակամարտութիւններէն ու մանաւանդ փոքրամասնութիւնները, ինչպէս են քրիստոնեաները, որոնք ընկերութեան շղթայի ամենաթոյլ օղակն են» ըսաւ հուսկ Կարդինալ Զենարի շեշտելով թէ  «Քրիստոնեաներու ներկայութիւնը  կը նշանակէ ընկերային զարգացում, աւելի լաւ դպրոցներ ու հիւանդանոցներ», ու կարեւոր նկատեց, որ միջազգային հասարակութիւնը յանձնառու ըլլայ վերակառուցելու դպրոցները, հիւանդանոցները, գործարանները ու գիւղերը։

«Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ այս տարուայ Ծնունդը եւս թշուառութեամբ յատկանշուած Ծնունդ է , ցուրտի մէջ, որովհետեւ բազմաթիւ տուներուն մէջ կը պակսի տաքութիւն ապահովելու վառելանիւթը։ Մտաբերելով Յիսուսին մօտալուտ ծնունդը ու նկատի առնելով թէ Բեթղեհէմ կը նշանակէ «հացի տուն», մաղթանքս է որ հացը երաշխաւորուի բոլորին, բոլոր տուներուն մէջ ու բոլոր ընտանիքներուն համար»  ըսաւ Սուրիոյ մօտ առաքելական դեսպան Կարդինալ Զենարի զրոյցի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2020, 07:49