25.11.2014 Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Եւրոխորհրդարան։ 25.11.2014 Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Եւրոխորհրդարան։  

«Եւրոպան դարձնենք ամէն մէկ անհատի տունը». Կարդինալ Փարոլին։

«Համաճարակի այն ժամանակահատուածին միայն զօրակցութեան հոգին պիտի փրկէ անոնք՝ որոնք կը գտնուին նոյն նաւակի, նոյն տունի եւ նոյն հողի վրայ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 12 նոյեմբերին Սդրազպուրկի Եւրոպական Խորհուրդին ներքոյ Սուրբ Աթոռի որպէս մնայուն դէտի 50րդ տարեդարձին առթիւ կայացած հանդիպումի առթիւ, Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը ելոյթ ունենալով շեշտը դրաւ մարդ անհատի կեդրոնականութեան վրայ ինչպէս նաեւ անոր արժանապատուութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտութեան վրայ։

Ելոյթին մէջ Ծիրանաւորը ներկայացուց 1962-էն ի վեր սկիզբ առած գործընկերութեան պատմութիւնը ակնարկելով նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերուն.  «Եւրոպայի հիմնադիրներու երազանքը այն էր վերակառուցել Եւրոպան փոխադարձ ծառայութեան հոգիով, որ նաեւ այսօր, պէտք է ըլլայ Եւրոպական Խորհուրդի առաքելութեան անկիւնաքարը, յանուն խաղաղութեան, ազատութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան»։

Վատիկանի Պետքարտուղարը ապա նշեց  թէ մարդկային արժանապատուութեան ու մարդուն կեդրոնականութեան առընթեր, համաճարակի այս ժամանակներուն, անհրաժեշտ է նաև կենտրոնանալ ժողովրդավարութեան և օրէնքի գերակայութեան նկատմամբ յարգանքի վրայ, ինչպէս նշուած է Ընդհանուր քարտուղարի ուղեցոյցին մէջ, որ ուղարկուեցաւ խորհուրդի բոլոր 47 երկիրներուն անցեալ  7 ապրիլ 2020ին։

Այս ուղղութեամբ Կարդինալ Փարոլինը մատնանշեց թէ Սուրբ Աթոռի «մնայուն դէտի» կարգավիճակը ըսել չէ թէ ան պէտք է միայն դիտարկէ,  այլեւ աշխատի կերտելու համար զօրակցութեան կառոյցներ բոլորի բարիքին համար իր բարոյական ազդեցութեան միջոցաւ, զոր կ՛արտայայտուի իր գնահատականներով, որպէս «մարդկութեան փորձագէտ» և գործօն  համագործակցութեամբ զոր կ՛իրականացնէ  որոշումներու կայացման տարբեր մակարդակներու վրայ։

Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը ապա խօսքը կեդրոնացուց մարդկային անձի վրայ որ ներառէ բոլոր մարդիկը, յոյս յայտնելով որ Եւրոպան դառնայ մարդկային անհատի տունը եւ Եւրոպայի Խորհուրդը հիմնուած իրեն յանձնուած առաքելութեան  վրայ շարունակէ միշտ աւելիով ցոլացնել մարդ անհատի ճշմարտութեան լոյսը։

Ասկէ մեկնելով Կարդինալ Փարոլինը շեշտը դրաւ մարդուն տիեզերական վեց ճշմարտութիւններու վրայ մեկնելով մարդուն շքեղութեան ճշմարտութիւնէն, որպէս արարչութեան տէր, ազատ ստրկութենէն ըլլայ նիւթական ըլլայ հոգեկան։ Ապա երկրորդ ճշմարտութիւնը Երկիրը՝ մարդուն օճախը, զոր Արարիչը նուիրեց մարդկութեան, համայն մարդկութեան։ Հուսկ մարդ անհատի ի սպաս ծառայութեան երրորդ տիեզերական ճշմարտութիւնը, որուն ծիրէն ներս Կարդինալ Փարոլինը ակնարկեց նաեւ գաղթականութեան հարցին ու այդ ուղղութեամբ մարդուն համապարփակ զարգացումին, մարդ անհատի սրտով, հոգիով իմացականութեամբ անոր հաղորդակցութեան կոչումով, տիեզերական եղբայրութեամբ ու սիրով՝ որ սահման չի ճանչնար։

Չորրորդ տիեզերական ճշմարտութիւնը մարդկային անհատի արժէքաւորումն է եւ անոր ուղղութեամբ խաղաղութեան փնտռտուքը։

Հինգերորդ եւ վեցերորդ ճշմարտութիւնները ապա կը հային զօրակցութեան,  յատկապէս  մեր այս ապրած ժամանակներուն երբ Քովիտ19 վիրուսը ի յայտ դրաւ մեր դիւրաբեկութիւնները

Բոլորս կը գտնուինք միեւնոյն նաւակին վրայ սակայն պատրանքի թիրախ չի դառնանք։ Միայն սէրը, միայն զօրակցութեան հոգին, որ մշտապէս յատկանշած է Եւրոպան, կարող է ազատել բոլոր անոնք՝ որոնք կը գտնուին նոյն նաւուն վրայ, նոյն տան մէջ, նոյն հողին վրայ։

Կարդինալ Փարոլինը հուսկ իր ելոյթը եզրափակեց կոչ ուղղելով Եւրոպան դարձնել ամէն մէկ մարդ անհատի տունը, եղբայրութեան մթնոլորտի մէջ, որպէսզի ամէն մէկ անհատ ատկէ ներշնչուելով կարողանայ յանձնառու ըլլալ այդ ուղղութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2020, 10:25