Աղքատներու համաշխարհային 4րդ օրուայ ներկայացումը Աղքատներու համաշխարհային 4րդ օրուայ ներկայացումը 

«Ձեռքդ երկարէ աղքատին». Աղքատներու համաշխարհային 4րդ օրուայ ներկայացումը. Առցանց։

«Աղքատին հետ կիսուած նոյնիսկ պարզ ժպիտ մը ակնաղբիւր է սիրոյ, որ առիթ կու տայ ապրելու ուրախ։ Երկարող ձեռքը ուրեմն կարող է հարստանալ ժպիտովն անոնց՝ որոնք իրենց ներկայութիւնն ու մատուցած օգնութիւնը ծանր կշռել չեն տար, այլ միայն կ՛ուրախանան, որովհետեւ կ՛ապրին Քրիստոսի աշակերտներուն ապրլեաոճի համաձայն»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 12 նոյեմբեր 2020-ի առաւօտեան Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիէն ուղիղ եթերի միջոցաւ ներկայացումը կատարուեցաւ Աղքատներու Համաշխարհային չորրորդ օրուան, որ պիտի կայանայ յառաջիկայ 15 նոյեմբերին եւ որուն այս տարուայ բնաբանն է «Ձեռքդ երկարէ աղքատին» (Խօսք Սիրաքայ 7, 32)։ ։

Ներկայացումը կատարեցին Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան, Նոր Աւետարանութեան խթանման Քահանայապետական խորհուրդին նախագահը եւ նոյն խորհուրդի ենթաքարտուղարը՝ Գերապայծառ Կրահամ Պելլը։

Իր ներկայացուցած զեկոյցին մէջ Գերապայծառ Ֆիզիքելլան նշեց՝ թէ օրուան առթիւ հրապարակած իր պատգամով Սրբազան Քահանայապետը հեռատես հայեացքով ուզեց ընդգծել այն հրատապութիւնը, որուն ենթարկուած է համայն աշխարհը Covid-19 համաճարակի պատճառաւ,  ապա մատնանշեց ու մէջբերեց պատգամէն զանազան նիւթեր սկսեալ անոր բնաբանէն։

«Ձեռք երկարելը նշան մըն է, նշան որ կը յատկանշէ մօտիկութիւնը, զօրակցութիւնը սէրը։ Այս ամիսներուն, որոնց ընթացքին աշխարհը ճնշումի տակ է վիրուսի պատճառաւ, որ իր հետ բերաւ մահ ու տառապանք, յուսալքում եւ մոլորութիւն, ականատես եղանք բազմաթիւ երկարած ձեռքերու։ Բժիշկին, բուժօգնութիւն մատուցողին, առողջապահական տնտեսական մարզէն ներս աշխատողին, դեղագործին, քահանային… ապա կամաւորին երկարած ձեռքը,  որ օգնութեան կը հասնի անոր՝ որ տնանկ է ու կ՛ապրի ճամբաներու վրայ եւ կարիքն ունի կերակուրի։ Այն մարդոց ու կիներու երկարող ձեռքը, որոնք կ՛աշխատին հիմնական ծառայութիւններ ու անվտանգութիւն ապահովելու համար եւ այլ շատ մը երկարող ձեռքեր, որոնք կը կազմեն բարի գործերու լիթանիան եւ որոնք բոլորը միասին դիմագրաւեցին վարակումն ու վախը շնորհելու համար աջակցութիւն եւ մխիթարութիւն»։

«Այս մէկը յարմար ժամանակ է դարձեալ զգալու թէ կարիքը ունինք մէկը միւսին, թէ ունինք պատասխանատուութիւն մը հանդէպ ուրիշներուն եւ աշխարհին» գրած է Սրբազան Պապը պատգամին մէջ նշեց Գերապայծառ Ֆիզիքելլան յայտնելով թէ յառաջիկայ 15 նոյեմբերին Նորին Սրբութիւնը Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ օրուան նուիրուած սուրբ պատարագը, որ պիտի սփռուի ուղիղ եթերով կաթողիկէ տարբեր հեռուստակայաններու միջոցաւ, շնորհիւ Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի տրամադրած պատկերասփռումին ինչպէս նաեւ Վատիկան Նիուզէն։

Արարողութեան կը մասնակցին միայն 100 անձ որպէս աշխարհի աղքատներու ներկայացուցիչնեեր։

Դժբախտաբար Քահանայապետին աղքատներու հետ միասին կազմակերպուած ամէն տարուայ աւանդական ճաշը տեղի պիտի չունենայ , թէեւ աղքատներուն ի նպաստ այլ շօշափելի ձեռնարկները պիտի շարունակուին, որոնց շարքին Սուրբ Պետրոսի կամարներուն տակ գտնուող դարմանատան  ծառայութիւնը ինչպէս նաեւ Իտալական «Էլիթ»  մեծաքանակ շուկայի  աջակցութեամբ   սննդի 5000 փաթեթներու բաշխումը կարիքաւոր  ընտանիքներուն։

«Աղքատներու համաշխարհային օրը հակառակ համաճարակին կը մնայ կարեւոր ժամադրութիւն, որուն ընթացքին աշխարհի համայն թեմերուն մէջ կենդանի կը պահուի եղբայրական ուշադրութիւնը հանդէպ դժուարութեան մէջ ապրող անձերուն» ըսաւ գերապայծառ Ֆիզիքելլան աւելցնելով թէ «ան պէտք չէ սահմանուի միայն եղբայրսիրական գործերու այլ անոնց միանալու է անձնական եւ հասարակական աղօթքը, որպէսզի վկայութիւնը ըլlայ լիակատար»։

«Աղքատին հետ կիսուած նոյնիսկ պարզ ժպիտ մը ակնաղբիւր է սիրոյ, որ առիթ կու տայ ապրելու ուրախ։ Երկարող ձեռքը ուրեմն կարող է հարստանալ ժպիտովն անոնց՝ որոնք իրենց ներկայութիւնն ու մատուցած օգնութիւնը ծանր կշռել չեն տար, այլ միայն կ՛ուրախանան, որովհետեւ կ՛ապրին Քրիստոսի աշակերտներուն ապրլեաոճի համաձայն»։ գրած է  Սրբազան Պապը իր պատգամին մէջ եւ ահա այս հոգիով է, որ կը պարսպապատուինք նշել «Աղքատներու համաշխարհային 4-րդ օրը» ըսաւ Գերապայծառ Ֆիզիքելլան եզրափակելով իր զեկոյցը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2020, 12:16