Գերապայծառ Եանուս Ուրպանչիք Գերապայծառ Եանուս Ուրպանչիք 

Գերապայծառ Ուրպանչիքի զեկոյցը ԵԱՀԿի Միջերկրական տարածաշրջանի 2020 համաժողովին։

երկրի մը տնտեսականութեան մակարդակը միակ չափանիշը չէ երկրի մը զարգացման։ 

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ԵԱՀԿ-Ի միջերկրական տարածաշրջանի 2020 թուականի համաժողովին, ելոթ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդ,Գերապայծառ Եանուս Ուրպանչիք։

Ունկնդրէ լուրը

ԵԱՀԿ-ի այս տարուան համագումարին նիւթն է ԵԱՀԿ-ի միջերկրական տարածաշրջանէն ներս «անվտանգութեան զարգացումը՝ կայուն զարգացման եւ տնտեսական աճումի միջոցաւ»։

Գերապայծառ Ուրպանչիք իր զեկոյցին մէջ ընդգծեց որ անվտանգութեան բոլոր հարցերը նախ եւ առաջ պէտք են  դիմագրաւուիլ համաշխարհային գետնի վրայ, այդ հարցերու շարքին են ուժանիւթի անվտանգութեան հարցերը, կլիմայի փոփոխութեան, գաղթականութեան եւ ներկայ տնտեսականտագնապի հայող հարցերը, որ առ աւելիով վատթարացած է Քովիտ 19 հետեւանքով։

Գերապայծառ Ուրպանչիք ընդգծեց, թէ երկրի մը զարգացումի չափանիշին համար պէտք չէ լոկ նկատի առնել տնտեսականութեան մակարդակը։ Երկրի մը զարգացումը չէ կարելի սահմանափակել լոկ տնտեսական աճումով։ Իսակական զարգացումը պէտք է  նպաստէ իւրաքանչիւր անձի զարգացումին։ Չէ Կարելիբաժնել տնտեսականութիւնը մարդկայինիրականութենէն ։ըսաւ Գերապայծառը։

Ան ապա զեկուցեց նոր աղքատութեան ձեւերու մասին, յառաջացած Քովիտ 19էն, որ առաւել աղքատութիւն ստեղծեց։ Գերապայծառ Ուրպանչիք անդրադարձաւ առողջապահական համակարգերու սահմանփակումներուն, ճշգրիտ տեղեկութիւն ստանալու պակասութեան, ընկերային մեկուսացումի տառապանքներուն եւ բռնութեան աճումին ։

Սուրբ Աթոռի մնայդուն դէտը  նկատել տուաւ, որ համաճարակէն ամենէն շատ տուժողները կիներն են։ Ան յիշեց կիներուն դերակատարութիւնը՝ ըլլայ տնտեսականութեան, ըլլայ ընկերութեան ոլորտներէն ներս, դիտել տալով որ կիները աշխատանքի ամենենէն ծանր բերը կրողներն են։

Կառավարութիւններու պատասխանատուութիւնն է պաշտպանել անոնց արժանապատուութիւնը եւ մատակարարել ընկերային պաշտպանութեան համակարգ մը, ինչպէս նաեւ համարժէք փոխհատուցում ընկերութեան մէջ ՝ուր առաւել ակնյայտ են քովիտ 19 էն յառաջացած անհաւասարութիւնները։

«Բոլորին ներառումը եւ կեանքի սրբութեան պաշտպանութիւնը հիմնական երկու սկզբունքներն են, որոնց վրայ պէտք են հիմնել կառավարութիւններուն քաղաքականութիւնները, օգնելու համար կարիքաւորներուն։ Անհրաժեշտ է օգուտ քաղել համաճարակի տագնապէն, որ  կը փնռէ նոր լուծումներ հասարակութեան բարիքին եւ բոլորին մարդկային համապարփակ զարգացման համար»։  Նշեց Գերապայծառ Ուրպանչիք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2020, 11:59