Կարդինալ Թակլէ Կարդինալ Թակլէ 

Կարդինալ Թակլէ քրիստոնեաներուն կոչ կ՝ընէ կարդալու «Fratelli tutti» Ֆրանչիսկոս Պապին շրջաբերականը։

Միջազգային Քարիթասի նախագահը, յորդորեց հաւատացեալները խորացնելու Ֆրանչիսկոս Պապին նոր շրջաբերականը, սորվելու եւ սիրելու համար առանց նախապայմաններու։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Միջազգային Քարիթասի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ առցանց ժողով մը, որուն նիւթը  եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին շրջաբերականը Fratelli tutti։
Ժողովին նպատակն է օգտագործել Պապին շրջաբերականը, քարիթասի միջազգային կազմակերպութենէն ներս։

Ունկնդրէ լուրը

Միջազգային Քարիթասի նախագահ, Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ, այս առթիւ ունեցած ելոյթին մէջ քաջալերեց շրջաբերականը ամբողջութեամբ կարդալու, նկատել տալով, որ շրջաբերականին մէջ պարունակուած են ֆրանչիսկոս Պապին գաղափարները, փակ աշխարհի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու առնչութեամբ։

Կարդինալ Թակլէ աւելցուց նաեւ, որ  Ֆրանչիսկոս Պապի գաղափարները ներշնչուած են Սուրբ Գիրքի ու եկեղեցւոյ հարուստ աւանդութիւնէն, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ բարոյական եւ ընկերային ուսուցումներէն։

Միջազգային քարիթասի նախագահը ապա ընդգծեց երկու կարեւոր կէտեր. առաջինը՝ տիեզերական սէրը, երկրորդ հանդիպումի մշակոյթը:

Ան նշեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապին շրջաբերականին մէջ եղբայրսիրութեան պատկերը ներկայացուած է տիեզերական Սէրով, որովհետեւ Աստուած այդպէս կը սիրէ։ Աստուած բոլորը կը սիրէ։Այս է նաեւ Յիսուսի ցոյց տուած սէրը։ Յիսուս բոլորը սիրեց, յատուկէն անոնք, որոնք հասարակութեան մէջ սիրուած չեն։ Բարի Սամարացիին առակը ցոյց կու տայ մէկ մը, որ կը սորվեցնէ տիեզերական սէրը օտարականի հանդէպ։

Երկրորդ կէտին մէջ կարդինալ Թակլէ ներկայացուց  մշակոյթի հանդիպումը նշելով, թէ տիեզերական սէրը իրականութիւն կը դառնայ լոկ շօշափելի հանդիպումի մշակոյթի միջոցաւ, որուն շնորհիւ կարելի է որդեգրել արդար քաղաքականութիւն, տնտեսականութիւն, բարեկամութեան մշակոյթ ,աշխարհի խնդիրները լուծելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2020, 10:37